Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ի երեկոյեան այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըրի։
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սեպուհ Յովնանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Հանդիպումին ընթացքին քննուեցաւ Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը։ Նախագահական ընտրութեան օրակարգը եւ երկիրը հարուածող ապահովական խախտումները, ինչպէս նաեւ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու առաջադրանքը կազմեցին քննարկումներուն առանցքը։
Շեշտը դրուեցաւ այս հանգրուանին համախոհութեան գոյացման կենսական անհրաժեշտութեան վրայ։