ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած հերթական բողոքի ցոյցը Չորեքշաբթի, Յունուար 17ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի Համրա թաղամասին մէջ՝ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան շէնքին առջեւ, բողոքելու համար Լիբանանի կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրին, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կողմէ լիբանանեան շուկաներուն մէջ վաճառուող ապրանքներուն սակերը չքննելու երեւոյթին դէմ։
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր ուժերը շօշափելի ու յստակ յայտարարութիւններ չկատարեցին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին իրենց գործադրելիք մագլցողական քայլերուն մասին։
Քաղաքական գետնի վրայ, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերու անդամներէն՝ երեսփոխան Պութրոս Հարպի հետ, որուն հետ քննեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լարուած իրավիճակը բարելաւելու նպատակով առնուելիք քայլերը։
Հանդիպումէն ետք Հարպ նշեց, որ կարելի չէ յանձնուիլ Լիբանանը յուզող ներկայ տագնապին, եւ պէտք է անպայման լուծումներ գտնել այդ կացութեան՝ նոր միջոցներ որոնելով։
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Կիր Փետերսոն։
Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին լուծման համար սէուտական անջատ նախաձեռնութիւն մը չկայ, այլ կայ արաբական նախաձեռնութիւն մը։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս Երեքշաբթի օր Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն ապտէլ Ազիզ թագաւորին հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննեց նաեւ Լիբանանի ու լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապին վերաբերող հարցեր։ Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ հարկ է անպայման յաջողցնել Լիբանանի օժանդակութեան «Փարիզ 3» խորհրդաժողովը, որպէսզի Լիբանանի քաղաքական ներքին տագնապը լուծուի։
Հանդիպումէն ետք Ռայս վերահաստատեց Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան եւ խստօրէն քննադատեց Լիբանանի նկատմամբ Սուրիոյ կեցուածքներն ու քաղաքականութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ծայրայեղական ուժեր զօրակցութիւն եւ նպաստ կը ստանան Սուրիայէն։
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ յայտարարեց, թէ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի Արաբական լիկայի ներկայացուցած արաբական նախաձեռնութեան՝ Լիբանանի տագնապին լուծման համար եւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանը այս կամ այն երկրին հարցերը լուծելու վայրի մը չվերածուի ու կռուախնձոր մը չդառնայ։