ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 9ին, հազարաւոր լիբանանցիներ մասնակցեցան երկրին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ու քաղաքական ընդդիմութեան համադրած բողոքի ցոյցին, մինչ բողոքի նստացոյցը կը շարունակուէր:
Երեքշաբթի օրուան ցոյցը տեղի ունեցաւ ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքերէն մէկուն մէջ, դատապարտելով յաւելեալ տուրքեր պարտադրող վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայացուցած ծրագիրը, որ անցեալ շաբաթ վաւերացուեցաւ նախագահին ու խորհրդարանի նախագահին կողմէ ապօրինի նկատուող կառավարութեան կողմէ:
Ընդդիմադիր ուժերը Երկուշաբթի օր ունեցան ընդարձակ հանդիպում մը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի բնակարանին մէջ, որմէ ետք շեշտուեցաւ, թէ ընդդիմութիւնը երբեք չէր ծրագրեր երկրին տնտեսական թղթածրարը բանալ, եթէ վարչապետ Սինիորա տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը չյայտարարէր։
«Լիբանանցիները «Փարիզ 1»ի եւ «Փարիզ 2»ի նման ելեւմտական խամաճիկութիւններու կարիքը չունին. անոնք կարիքը ունին տնտեսական իսկական բարգաւաճման եւ ոչ թէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին երկիրին պետական ամավարկին ընդհանուր բացը 10 միլիառ տոլարով աւելցնելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ։
Աուն յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը այս ձեւով թեւակոխած կ՚ըլլայ իր շարժումին երկրորդ հանգրուանը եւ սկսած է գործնական քայլերու դիմել։ Աուն աւելցուց, որ այլեւս ընդդիմութեան առնելիք քայլերը կրնան աննախընթաց ըլլալ։
«Վարչապետ Ֆուատ Սինիորա թող իր կառավարութիւնը առնէ եւ ուղղուի դէպի ամերիկեան Քոնկրէս եւ հոն կամ Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ վստահութեան քուէ թող շնորհեն անոր։ Ինչպէս նախապէս ըսած էի վարչապետ Սինիորայի, այսօր եւս կը վերյիշեցնեմ. եթէ ան կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը, սա չի նշանակեր, թէ ան Միացեալ Նահանգներու չափ զօրաւոր է։ Իր ուժը իր ժողովուրդին ցուցաբերած զօրակցութեան մէջ կը կայանայ։ Երբ մեր խօսքը կ՚ուղղենք վարչապետին, նկատի կ՚ունենանք նաեւ այն կողմը՝ համաշխարհային հոգատարութիւնը, որ գիշերը եւ զանազան առիթներով գաղտնօրէն կ՚այցելէ անոր եւ հրահանգներ կու տայ», ըսաւ ան։
«Ան, որ կը փափաքի նախագահ Պաշշար Ասատը սպաննել կամ սուրիական վարչակարգը տապալել, ան է, որ Լիբանան կը հրաւիրէ Սուրիան եւ Դամասկոսը, որպէսզի անգամ մը եւս իրենց հոգատարութեան տակ առնեն Լիբանանը», շեշտեց ան։
Հաղորդագրութեան մէջ դարձեալ պահանջուեցաւ ընտրական նոր օրէնքի մշակում եւ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու կայացում՝ կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը, որ ըլլայ սահմանադրական:
Միւս կողմէ, ընդդիմութեան մաս կազմող նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ Յունուար 20էն սկսեալ ընդդիմութիւնը պիտի սկսի ճամբաներ փակել, անիւներ այրել եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան այլ միջոցառումներու դիմել։
Իրենց կարգին, կառավարութեան համակիր քաղաքական ուժերը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք նախկին երեսփոխան Ֆարէս Սուէյտ ընթերցեց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ շարք մը ամբաստանութիւններ կատարուեցան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ ընդդիմութեան հասցէին։
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «Հըզպալլա» եւ անոր դաշնակից ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին կայունութիւնը խախտելու եւ մագլցողական քայլերու դիմելու, որպէսզի միջազգային դատական ատեանին կազմութիւնը ձախողեցնեն՝ ծառայելու համար Սուրիոյ շահերուն։
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պատասխանատուներն ու անդամները կը կազմեն սուրիական ապահովական կառոյցին մնացորդացը. անոնք սուրիական հոգատարութեան ներքեւ հասակ նետած են, եւ իրենց ցոյցերն ու շարժումները մաս կը կազմեն քաղաքական որոշ օրակարգի մը։
Սուէյտ յայտնեց, որ տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն պէտք է գոյացուի, եւ բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին այդ ծրագիրին գործադրութեան։