Երկուշաբթի օր, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Հիւսէյն Տիրար այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ։
Հանդիպումէն ետք դեսպան Տիրար ըսաւ, որ «ասիկա հրաժեշտի այցելութիւն մըն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ վաաստակաւոր կուսակցութիւն մըն է եւ իր կշիռն ու ներկայացուցչութիւնը ունի. Եգիպտոսի դեսպանատունը մնայուն բարեկամութեան, եղբայրութեան եւ մտերմութեան յարաբերութիւններ ունէր կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ։ Քննարկեցինք Լիբանանի, շրջանին եւ միջազգային թատերաբեմին վրայ տիրող կացութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնները ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ։ Համակարծիք էինք, որ հարկ է գոյութիւն ունենայ բոլորը գոհացնող լուծում մը, միջին լուծում մը, որուն հասնելու համար իւրաքանչիւր կողմ կը ներկայացնէ շարք մը անհրաժեշտ լուծումներ, որպէսզի Լիբանան դուրս գայ իր ներկայ տագնապէն եւ իրականանայ համախոհութիւնը՝ յօգուտ լիբանանցի ժողովուրդին»։
Հանդիպումէն ետք դեսպան Տիրար Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին ճաշի հիւրը եղաւ։