ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունուար 22ին, մինչ Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմութիւնը 53րդ օրը ըլլալով կը շարունակէր իր բաց նստացոյցը, Երեքշաբթի օրուան ընդհանուր գործադուլին շուրջ կատարուած յայտարարութիւնը լարուածութիւնը աւելի եւս սրեց Լիբանանի տարածքին։
Արդարեւ, վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ իշխանամէտ «Մարտ 14»ի ուժերը կոչ ուղղեցին ժողովուրդին, որ Երեքշաբթի օրը աշխատանքի սովորական օր նկատեն, միաժամանակ պնդելով, թէ քաղաքացիները վախցնելը հակաժողովրդավարական քայլ մը կը նկատեն:
Ընդդիմադիր ուժերը շաբաթավերջին հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, թէ ընդդիմութիւնը Երեքշաբթի օր պիտի գործադրէ ընդհանուր գործադուլ մը, որուն ընթացքին պիտի բողոքէ կառավարութեան որդեգրած ինքնագլուխ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան պահանջներուն անտեսումին դէմ: Անոնք աւելցուցին, որ փողոցները փակելու որոշումը ձգուած է ժողովուրդին:
Ընդդիմութեան քրիստոնեայ ղեկավարները կոչ ուղղեցին իրենց համակիրներուն, բոլոր շրջաններուն մէջ՝ հետեւելու ընդդիմութեան որոշումին եւ գործադրելու ընդհանուր գործադուլը:
Հանդիպումէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն յայտնեց, որ ներկայիս յայտարարուածը միօրեայ գործադուլի որոշում մըն է, աւելցնելով, թէ ոչ ոք բռնի ուժի պիտի դիմէ գործադուլի որոշումին չենթարկուողներուն դէմ:
Աուն ըսաւ, որ ընդդիմադիր ուժերը ոչ մէկ հարց ունին սիւննի համայնքին հետ, այլ անոնք դէմ են վարչապետին որդեգրած ուղեգիծին: Ան աւելցուց, որ բանակը եւ թէ ներքին ապահովութեան ուժերը յստակ գիտեն, որ ընդդիմութեան նպատակը ապահովական խախտումներ ստեղծել չէ, այլ պարզապէս խաղաղ ցոյց կատարել է:
Ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ընդդիմութեան յայտարարած բաց նստացոյցէն արդէն իսկ եօթը շաբաթ անցած է եւ սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում կատարել փորձող իշխանութիւնը հաստատ կը մնայ իր անտեսումի քաղաքականութեան վրայ:
Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին հիմնական մտավախութիւնը կը կայանայ երկիրը մէկ հոգատարութենէ դէպի միւսը փոխադրելու իրականութեան եւ Լիբանանը նիւթական յաւելեալ պարտքի տակ թաղելու քայլերուն ու աշխատանքին մէջ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ նկատի ունենալով վարչապետարանին մէջ բանտարկուելու եւ թաքնուելու կառավարութեան ընտրանքը՝ ընդդիմութիւնը կոչ կ՚ուղղէ իր համակիրներուն մագլցողական քայլերու դիմելու՝ պահպանելով ժողովրդային շարժումին խաղաղ, քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավարական բնոյթը:
Ընդդիմութեան յայտարարած ընդհանուր գործադուլին պիտի միանայ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը։
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ապահովական ուժերը խիստ միջոցառումներու կը ձեռնարկեն՝ ճամբաներու փակման եւ անիւներու հրկիզման ծրագիրներուն արգելք հանդիսանալու համար։
Վերջապէս, նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս կոչ ուղղեց «ոչ ժխտական» մագլցողական քայլերու դիմելու եւ աւելցուց, թէ երկրին վերջին տագնապին գլխաւոր պատճառը այն իրողութիւնն է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ Լիբանանի մէջ Իրանը պարտութեան մատնել։