ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 10ին, Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան դէմ սկսած ընդդիմութեան նստացոյցը 41րդ օրը ըլլալով շարունակուեցաւ, մինչ Աշխատաւորական համադաշնակցութեան նախաձեռնած տուրքերու յաւելման դէմ բողոքի ցոյցերը թեւակոխեցին իրենց երկրորդ օրը:
Չորեքշաբթի օրուան բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ ուժանիւթի նախարարութեան շէնքին առջեւ, ուր մեծ թիւով զինուորներ եւ ոստիկաններ հաստատուած էին կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու նպատակով:
Կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին դէմ բողոքի ցոյցին ընթացքին խօսք առին աշխատաւորական միութիւններու նախագահներ, որոնք խստօրէն դատապարտեցին կառավարութեան ծրագիրը եւ անոր պատճառելիք սղաճը, որուն գլխաւոր զոհը պիտի ըլլայ լիբանանցի ժողովուրդը։
Իր օրինականութիւնը կորսնցուցած եւ հակասահմանադրական կառավարութեան դէմ բողոքի ձայնը լսելի դարձաւ, իսկ ցոյցը ընթացաւ կատարեալ ժողովրդավար մթնոլորտի մէջ, եւ ապահովական ոչ մէկ խախտում կամ միջադէպ արձանագրուեցաւ։
Կազմակերիչները յայտարարեցին, թէ նման խաղաղ ու ժողովրդավար ցոյցերը պիտի շարունակուին գրեթէ ամէնուր, որպէսզի վերջ մը դրուի ներկայ կառավարութեան անհեթեթ եւ անտանելի ծրագիրներուն, որոնք մէկ կողմէ կը միտին Լիբանանին կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնները եւ նուիրատուութիւնները վերածել նիւթական պարտաւորութիւններու, իսկ միւս կողմէ կը ծրագրեն լիբանանցի քաղաքացիներուն տուրքերը աւելցնել եւ լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ կառավարութեան ունեցած ընկերային պարտաւորութիւններէն եւ ծառայութիւններէն խուսափիլ։
Միւս կողմէ, ընդդիմութեան մաս կազմող նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ Երեքշաբթի օր իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆելթմընը, որուն հետ քննեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները։
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ֆելթմըն մեկնեցաւ՝ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել։
Քարամէ յայտնեց, որ Ֆելթմընի փոխանցած է երկիրին մէջ տիրող ներքին քաղաքական տագնապին մասին ընդդիմութեան կեցուածքը եւ տեսակէտը՝ սկսելով կառավարութեան մաս կազմելու հարցէն, անցնելով Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանին կազմութեան հարցին եւ հասնելով մինչեւ «Փարիզ 3» խորհրդաժողով։
Իր կարգին, նախագահ Էմիլ Լահուտ Չորեքշաբթի օր վերահաստատեց, թէ Սինիորայի կառավարութիւնը «դադրած է գոյութիւն ունենալէ», մինչ Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կոչ ըրաւ քաղաքագէտներուն, որ քաղաքական տագնապին արագ լուծում մը գտնեն։
Նաեւ, լիբանանեան «Տիար» օրաթերթը հաղորդեց, թէ ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի 1992ի օրինակով կառավարութիւնը տապալել, իսկ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը ջանայ խորհրդարանական նիստ մը գումարել վարչապետարանին կամ Ֆայատիյէի զօրանոցին մէջ, ինչպէս պատահած էր 1982ին՝ նախագահներ Պաշիր Ժեմայէլի եւ Ամին Ժեմայէլի ընտրութեանց ընթացքին։
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս պիտի գլխաւորէ «Փարիզ 3»ի մասնակցող ամերիկեան պատուիրակութիւնը։