Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29ին, Լիբանանի մէջ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն՝ շեշտուեցաւ, թէ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կ՚ողջունեն լիբանանեան քաղաքական ներքին տագնապին լուծման եւ կայունութեան վերահաստատման նպատակով ի գործ դրուող արաբական ու միջազգային բոլոր ջանքերը. սակայն անոնք կը հաստատեն, թէ Թուրքիա ոչ մէկ ձեւով կրնայ լուծել Լիբանանի ներքին տագնապը, որովհետեւ շրջանին մէջ անոր ունեցած նպատակներն ու ախորժակները յստակ են:
Նման հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին նաեւ լիբանանահայ երեք յարանուանութիւններու պետերը:
Աւելցնենք, որ այսօր, Չորեքշաբթի, լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է բողոքի ցոյցի՝ ընդդէմ թրքական հաւանական նախաձեռնութեան:
Կուսակցութիւններու միացեալ հաղորդագրութիւնը կ’ըսէ. «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը կու գայ փաստելու շրջանին տիրելու թրքական ծրագիրներուն իրողական ըլլալը: Այս վտանգը նկատի ունենալով՝ երեք հայկական կուսակցութիւնները ամիսներ առաջ մերժեցին թրքական ուժերուն Լիբանան ժամանումը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու երեւոյթը: Սակայն Լիբանանի կառավարութիւնը անտեսեց լիբանանահայութեան այս միացեալ եւ սկզբունքային կեցուածքը, հակառակ անոր, որ Լիբանանի մէջ թրքական ուժերուն գոյութեան գծով լիբանանահայութեան մերժողական կեցուածքը տակաւին ի զօրու է:
«Բոլորին համար յստակ է ու ծանօթ, որ Թուրքիա ճիգ չի խնայեր իր տիրապետութեան տակ առնելու ամբողջ շրջանը, իսկ լիբանանցիները քաջածանօթ են Թուրքիոյ արիւնալի պատմութեան եւ դարեր շարունակ կրած են թրքական տիրապետութեան տակ գտնուելու լուծը: Տակաւին պէտք չէ մոռնալ Թուրքիա—Իսրայէլ գործակցութեան ռազմավարական դաշինքը, որուն պայմաններուն հիմամբ պիտի կատարուի Լիբանան մուտք գործելու թրքական որեւէ քայլ:
«Հետեւաբար, ոչ մէկը պէտք է ակնկալէ, որ Թուրքիա կրնայ դրական դերակատարութիւն ունենալ լիբանանեան տագնապին լուծման առումով, որովհետեւ լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ թրքական որեւէ միջամտութիւն պիտի ծառայէ Թուրքիոյ շահերուն, որոնք առնչուած են Իսրայէլի հետ իր կնքած դաշինքին պայմաններուն:
«Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը վերյիշեցնեն, որ Լիբանանի խորհրդարանը 2000ի Մայիսին որդեգրած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը, որուն մէջ շեշտուած է, թէ պիտի ընդառաջէ լիբանանահայ քաղաքացիներուն պահանջներուն: Բանաձեւը նշած է նաեւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հիմնական պայման է՝ ապագային գործուելիք նման ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման:
Այս բանաձեւէն մեկնելով՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կոչ կ՚ուղղեն Լիբանանի իշխանութիւններուն՝ վերադառնալու տրուած այս որոշումին եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Էրտողանի հետ իրենց ունենալիք հանդիպումներուն օրակարգին վրայ բանաձեւը նկատի ունենալու իբրեւ քննարկումի առարկայ»:
Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի վարիչ մարմինը եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնակլան Կոմիտէն:
Համայնքապետերու հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, թէ ՄԱԿի թիւ 1701 բանաձեւով Լիբանան առաքուած բազմազգեան ուժերու կարգին Թուրքիոյ մասնակցութեան ընդդիմացաւ համայն լիբանանահայութիւնը եւ շարունակաբար բողոք ու անոնց տեղակայումը մերժող պահանջ ներկայացուց Լիբանանի կառավարութեան եւ յատկապէս վարչապետին, որ չընդառաջէ խաղաղարարի դիմակով Լիբանան գալիք թուրք զինուորներու մասնակցութեան։ Ցաւօք սրտի, Լիբանանի կառավարութիւնը նկատի չառաւ լիբանանահայութեան այս բողոքը։
«Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան առիթով, մենք՝ Լիբանանի հայութեան երեք հոգեւոր պետերս, մեր վերապահութիւնը կը յայտնենք՝ շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան եւ դերակատարութեան շարունակութիւնը անարգանք է՝
«- Լիբանանի հայ համայնքին.
«- Լիբանանի ժողովուրդին արժանապատուութեան եւ ազատագրական պայքարի նահատակներուն, որոնք թրքական բռնապետութիւնը մերժեցին եւ իրենց նահատակութեամբ Լիբանանի անկախութիւնը ամրագրեցին եւ որոնց ի պատիւ, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Կեդրոնական հրապարակը կոչուեցաւ Նահատակաց հրապարակ։
«- Լիբանանին, որովհետեւ իսրայէլեան վայրագ թշնամիին դաշնակից Թուրքիան խաղաղարարի դեր կը ստանձնէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ։
«- Միջազգային արդարութեան, որովհետեւ խաղաղութեան իրաւարարի դերակատարութիւն կը տրուի ցեղասպանին, երբ ան ցայսօր կ՚ուրանայ անցեալի իր արիւնալի պատմութիւնը՝ ի մասնաւորի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ իր երկիրին մէջ ոտնակոխել մարդկային իրաւունքները։
«Այս բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ, մեկնելով Լիբանանի ազգային շահերէն, կոչ կ՚ուղղենք Լիբանանի կառավարութեան, որ արդարամտութեան եւ արժանապատուութեան չափանիշներու հիման վրայ ճշդէ Թուրքիոյ հետ վարած իր ներկայ քաղաքականութիւնը»։
Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Վարդան եպս. Աշգարեան եւ Մ. Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի կողմէ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: