ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերու բացայայտման հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի նախագահ դատախազ Սերժ Պրամըրց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի ներկայացուցած է իր կատարած հետաքննութեան երկրորդ տեղեկագիրը։
Ըստ նախնական տուեալներու, Պրամըրցի այս տեղեկագիրը եզրափակիչ չէ։ Պրամըրցի տեղեկագիրը կը բաղկանայ 105 բաժիններէ:
Տեղեկագիրին մէջ նշուած է, թէ Պրամըրցի նախագահած յանձնախումբը պիտի շարունակէ քրէական հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, թէ Հարիրիի սպանութիւնը գործող կողմերը տակաւին իրարու հետ կապի մէջ են։
Պրամըրց իր տեղեկագիրին մէջ կը նշէ, թէ տակաւին կարիքը կայ 50 այլ հարցաքննութիւններ կատարելու։
Տեղեկագիրը կը շեշտէ, թէ Լիբանանի մէջ 2005ին գործուած մնացեալ 14 պայթումները առնչուած են Հարիրիի սպանութեան։
Անդրադառնալով հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբին հետ Սուրիոյ ցուցաբերած գործակցութեան, տեղեկագիրը Սուրիոյ գործակցութիւնը կը նկատէ գոհացուցիչ։ Տեղեկագիրին համաձայն, Հարիրիի սպանութեան համար գործածուած է շուրջ 1800 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ եւ հաւանական է, որ Հարիրիի սպանութիւնը անձնասպանական գործողութեան հետեւանք նկատելու վարկածը ճիշդ դուրս գայ։
Ըստ Պրամըրցի, Սուրիա արտօնած է, որ 11 սուրիացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ պատասխանատուներ հարցաքննուին։
Աննան տեղեկագիրէն օրինակներ յանձնած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կառավարութեան։
Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Պրամըրցի տեղեկագիրը քննարկէ յառաջիկայ Ուրբաթ օր։