ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- 2005ին տեղի ունեցած սուրիական ուժերու Լիբանանէն հեռացումէն ետք հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առաջին փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին, երբ խորհրդարանը չկրցաւ նման ընտրութան մը համար հարկաւոր երեսփոխաններու երկու երրորդ ներկայութիւնը ապահովել:
Լիբանանի բանակն ու ոստիկանական ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմած էին եւ հազարաւոր զինուորներ ու ոստիկաններ շրջապատած էին խորհրդարանի շէնքն ու անոր մօտակայ թաղամասերը:
Ինչպէս արդէն յայտարարուած էր, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի հրաւէրը մերժեցին «Հըզպալլա»ի գլխաւորութեամբ ընդդիմութեան մաս կազմող երեսփոխանները, որոնք նման ընտրութենէ մը առաջ կը պահանջեն թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան գոյացում:
Պըրրիի որոշումով, նախագահութեան ընտրութեան նիստը յետաձգուեցաւ Հոկտեմբեր 23ին։
Իշխանամէտ երեսփոխաններուն անունով խօսք առնելով, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Միքաթի կոչ ըրաւ երկխօսութիւնը շարունակել, քաոսային վիճակէ մը փրկելու համար երկիրը:
Նոյն օրը, երկու տարբեր առիթներով, խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան ընդդիմութեան մաս կազմող Պըրրիի եւ իշխանամէտ կողմի ռեկավար Սաատ Հարիրիի միջեւ, որոնք քանի մը ամիսէ ի վեր չէին հանդիպած:
Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք Սաատ Հարիրի բաւականացաւ յայտարարելով. «Աստուած եթէ ուզէ, լաւատես ենք», մինչ Պըրրիի խորհրդական՝ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, թէ Պըրրի-Հարիրի հանդիպումը հիմը դրած է ապագայ խորհրդակցական հանդիպումներու։
Պըրրի եւս յայտնեց, թէ խորհրդակցութիւնները «դրական մթնոլորտի» մէջ կայացած են:
Իր կարգին, իշխանամէտ երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ խորհրդարանէն մեկնած ատեն յայտարարեց, թէ «խաղաղ ճակատամարտը կը շարունակուի», իսկ «Լիբանանեան ուժեր»ու ղեկավար Սամիր Ժաաժաա յայտնեց, թէ Պըրրի յուսախաբութիւն պատճառած է եւ օրուան դէպքերը ցոյց տուած են, թէ անոր հրաւէրը լուրջ չէր։
Եթէ մինչեւ նախագահ Էմիլ Լահուտի իշխանութեան աւարտը (Նոյեմբեր 23) կարելի չըլլայ նախագահ մը ընտրել, ապա ան կրնայ ժամանակաւոր նոր կառավարութիւն մը կազմել, որուն կրնայ ընդդիմաննալ ներկայ կառավարութիւնը: