Նախագահ Լահուտ երէկ իր այցելուներուն ըսաւ, որ Լիբանանը վերականգնելու համար կարիքը կայ բոլորին աշխատանքին եւ միասնականութեան, «ուստի կոչ կ՚ուղղեմ յարգելու լիբանանեան բոլոր համայնքները եւ խտրականութիւն չդնելու անոնց միջեւ»։
«Կ՚ուզեմ ձեզի հիմնական բան մը ըսել. եթէ կ՚ուզենք անհամաձայն ըլլալ, ուրեմն անհամաձայն ըլլանք քաղաքականութեան մէջ եւ ոչ թէ համայնքային իմաստով։ Կարելի չէ ամբաստանութիւններ ուղղել լիբանանեան համայնքի մը հասցէին եւ ըսել, որ անիկա այլեւս լիբանանեան չէ, ինչպէս եղաւ յարգելի հայ համայնքին պարագային։ Կարելի չէ նման խօսքերով հանդէս գալ։ Ամօթալի է նաեւ ըսել, թէ հայերը քրիստոնեայ չեն, մանաւանդ որ Հայաստանը 301 թուականին եղաւ այն առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ նման խօսք»։
Նախագահ Լահուտ յայտնեց, որ Լիբանանի իւրայատկութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ բազմազանութիւնն է, յատկապէս՝ համայնքային ծիրին մէջ. այդպիսով Լիբանան կը շարունակէ համակեցութեան օրինակելի երկիր ըլլալ։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա.ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Նախանցեալ օր, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան Մեթնի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններէն ետք հայ համայնքին եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան նկատմամբ կարգ մը կողմերու կատարած զրպարտութիւններուն եւ հայ համայնքին արժանապատուութիւնը վիրաւորող դրսեւորումներուն վրայ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ նոյն օրը նախագահ Ամին Ժեմայէլի վեհափառին տուած այցելութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ ընթացած խօսակցութիւնները:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս հանդիպումներուն ընթացքին Կեդրոնական Կոմիտէն անոնց սեփականութիւնը դարձուց վերջին իրադարձութիւններուն հոլովոյթը, կուսակցութեան ընդհանուր արժեւորումը եւ հայ համայնքին ու Հ.Յ.Դաշնակցութեան նկատմամբ այս հանգրուանին ցուցաբերուած մեծ զօրակցութիւնը:
Հոգեւոր պետերը հաստատեցին, որ պարզուած կացութիւնը էապէս մերժելի է եւ բարձրօրէն գնահատեցին հայ համայնքին այս հանգրուանին ցուցաբերած գիտակից մօտեցումը եւ քաղաքական տարբեր կողմերու դրսեւորած անվերապահ զօրակցութիւնը:
Աւելցնենք, որ երէկ շարունակուեցան լիբանանեան քաղաքական դէմքերու այցելութիւնները Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի գրասենեակ: Այցելուները միահամուռ կերպով դատապարտեցին լիբանանահայութեան հասցէին կատարուած զրպարտութիւնները եւ զօրակցութիւն յայտնեցին հայութեան: