ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթը Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին հաղորդեց, թէ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի կողմէ առաջարկուած լուծումի տարազը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.-
1.- 19 (իշխանամէտ նախարար) +10 (ընդդիմադիր) + 1 (չէզոք) տարազով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կազմուած պիտի ըլլայ «ոչ յաղթող-ոչ յաղթուած» սկզբունքի հիման վրայ, որուն մէջ երեսփոխան Հիւսէյն Հիւսէյնին ըլլայ գլխաւոր նախարարը:
2.- Փողոցէն հեռանալ, Պէյրութի կեդրոնը տնտեսական առեւտուրին դիմաց բանալ եւ վարչապետարանին առջեւ տեղի ունեցող նստացոյցին վերջ տալ:
3.- Ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ:
4.- Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի օրինագիծին կարգ մը կէտերու շուրջ որոշ կողմերու մտավախութիւնը փարատող եւ վստահութիւն ներշնչող բարեփոխումներ կատարել:
5.- Նախագահական ընտրութեանց ազդանշանը տալ եւ յաջորդ նախագահը չափաւորական դէմք մը ընտրել, որպէսզի կարենայ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնել: