ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորային, որոնց յանձնեց անցեալ շաբաթավերջին իր առաջադրած նախաձեռնութենէն օրինակներ։ Հըսի նախաձեռնութեան համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի նախագահը, իսկ վարչապետը՝ տարակարծիք։
Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Հըս յայտնեց, որ Պըրրի համակարծիք գտնուած է իր նախաձեռնութեան՝ նշելով միաժամանակ, որ հանդիպումը ընթացած է կատարեալ անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ։ Հըս նշեց, որ երկիրը չի կրնար դիմանալ նման տագնապալի օրերու, եւ ներկայ տագնապը կարիքը ունի արագ լուծման՝ յայտնելով, որ Պըրրի կը սերտէ քանի մը տարբերակ՝ տօնական օրերէն ետք զանոնք ներկայացնելու համար լիբանանցի ժողովուրդին։
Միւս կողմէ, Սինիորային հետ հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ վարչապետը տարակարծիք գտնուած է իր նախաձեռնութեան։ Հըս շեշտեց, որ հարկ է մշակել ընտրական արդար ու արդիական օրէնք մը, որպէսզի խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւնը ճշգրիտ ըլլայ։
Հըսի նախաձեռնութեան մէջ նշուած է սահմանադրական խորհուրդի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Պըրրիին ուղղուած պահանջ մը՝ շարունակելու խորհրդակցութեանց նիստերը՝ սրբագրելու համար կառավարութեան մէջ բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական կողմերուն ներկայացուցչութեան պատկերը։ Հըս իր նախաձեռնութեան մէջ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին հրաժարած նկատելու կառավարութիւնը, որ խախտեց սահմանադրութիւնը, յատկապէս նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան միջազգային դատական ատեանին կազմութեան հարցով։ Հըս կոչ ուղղեց, որ մագլցողական որեւէ քայլի չդիմուի, որովհետեւ անոր իբրեւ հետեւանք տնտեսութեան մեծ վնաս պիտի հասնի։ Ան ըսաւ, որ Լիբանանի պայքարը հարաւային Լիբանանէն փոխադրուած է Պէյրութ՝ շեշտելով, որ երկրին մէջ իշխանամէտներուն եւ ընդդիմադիրներուն ծայրայեղական եւ անզիջող կեցուածքներուն պատճառով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի նախաձեռնութիւնը ձախողութիւն արձանագրած է։