ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի հրապարակումէն շուրջ երկու ամիս ետք իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան օդային սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւնները կը շարունակուին:
Շաբաթավերջին, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Ալիօ Մարի ՄԱԿի կեդրոնատեղիէն յայտնեց, որ իսրայէլեան թռիչքները վտանգաւոր են եւ հարկ է վերջ տալ այդ ոտնձգութիւններուն, որովհետեւ Իսրայէլի կողմէ գործուող այդ թռիչքները կրնան թշնամական արարքներ նկատուիլ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, որոնք ստիպուած կրնան ինքնապաշտպանութեան դիմել:
Ալիօ Մարի դիտել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ֆրանսական ուժերուն մօտ գտնուող հակաօդայինները ինքնապաշտպանութեան նպատակին կը ծառայեն: «ՄԱԿի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու ծիրին մէջ իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան սահմաններուն դէմ գործուող բոլոր ոտնձգութիւնները պէտք է կասեցուին: Պէտք է վերջ դրուի բոլոր այն քայլերուն, որոնք բռնարարք կը նկատուին, որպէսզի երկրին մէջ վայրագութեան ալիքը չվերակենդանանայ: Իսրայէլ քաղաքական գետնի վրայ պէտք է հասկնայ, որ իսրայէլեան օդուժի կատարած թռիչքները իր շահերուն չեն ծառայեր», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք յայտարարեց, որ Իսրայէլ պէտք է կասեցնէ լիբանանեան օդային սահմաններու խախտումները: Ան ընդգծեց թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, Իսրայէլ խստիւ քննադատեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալէն Փելլեկրինի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ ՄԱԿի ուժերու իրաւասութիւնները եւ դերակատարութիւնը պիտի ընդարձակուին, որպէսզի անոնք կարենան ընդդիմանալ իսրայէլեան օդուժին ոտնձգութիւններուն:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Ռեկեւ դիտել տուաւ, որ «Հըզպալլա»ի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի երկու զինուորները տակաւին ազատ չեն արձակուած, իսկ «Հըզպալլա»ի զէնքի եւ զինամթերքի ենթակառոյցները տակաւին չեն քանդուած, եւ այդ ենթակառոյցը օրըստօրէ յաւելեալ զէնքով եւ զինամթերքով կ՚օժտուի։
Միւս կողմէ, Իսրայէլ յայտարարեց, որ հակառակ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած կոչին՝ իսրայէլեան օդուժի թռիչքները լիբանանեան օդային սահմաններուն մէջ պիտի շարունակուին։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Փերէց դիտել տուաւ, թէ այնքան ատեն, որ դէպի Լիբանան զէնքի եւ զինամթերքի մաքսանենգումը կը շարունակուի՝ իսրայէլեան թռիչքներուն հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ։ «Ոչ մէկ նպատակ ունինք կասեցնելու այդ թռիչքները», շեշտեց Փերէց։