ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1983 Յուլիս 27ին, Հայ Յեղափոխական Բանակի անդամ հինգ հայ երիտասարդներ՝ Սիմոն Եահնիեան, Արա Գրճըլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սարգիս Աբրահամեան եւ Վաչէ Տաղլեան, գրաւեցին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատունը: Մուտքին, պահակ ոստիկանին հետ բախումին ընթացքին կը զոհուի մարտիկներէն մէկը, իսկ միւսները կը յաջողին մտնել դեսպանատան կից գտնուող դեսպանին բնակարանը եւ քանի մը ժամ զայն գրաւած պահելէ եւ տեղական ոստիկանութեան հետ կարճատեւ բախումէ ետք, անոնք իրենք զիրենք կը պայթեցնեն՝ դառնալով նահատակներ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ:
Շուրջ 40 տարիներէ ի վեր, Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ կը յիշատակուի այս օրը՝ իբրեւ Սրբազան Խենթերու հերոսութեան օր: Անոնք դարձան զոհաբերութեան, անձնուրաց նուիրումի եւ պահանջատիրութեան կուռքեր թէ՛ իրենց սերնդակիցներուն եւ թէ նորահաս սերունդներուն համար: Շատ մելան հոսած է անոնց սխրագործութիւնը փառաբանելով եւ գովերգելով:
Այս գործողութենէն ժամանակ մը ետք հրապարակուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ այս հինգ հերոսները, նախքան իրենց գործողութիւնը, իրենց պատգամը կը յղեն հայ երիտասարդութեան:
Լիզպոնի նահատակները ծնունդ էին 1975ին սկիզբ առած պահանջատիրական զինեալ պայքարի առթած գաղափարական-քաղաքական այն մթնոլորտին, որ համակած էր սփիւռքահայութեան եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի գաղութներուն: Հակառակ այն իրողութեան որ անոնք ծնած եւ մեծցած էին հայրենիքէն հեռու, սակայն ունէին Հայ Դատի անժամանցելի իրաւացիութեան հաւատքը, եւ այդ իրաւունքներու ձեռքբերումը նկատեցին իրենց եւ իրենց սերնդակիցներուն պարտականութիւնը:
Դիտելով վերոնշեալ տեսերիզը եւ լաւապէս ունկնդրելով անոնց արտայայտած միտքերը՝ կարելի է հասկնալ թէ գաղափարապէս ինչպիսի համոզումներու եւ հաւատքի որքան ուժ կայ այդ մարտիկներու հոգիներուն մէջ: Անոնք ամէնէն պարզ բառերով կ՛արտայայտեն իրենց զգացումները, համոզումները եւ իրենց հաւատքը առ հայրենիք:
«Մենք պիտի տեսնենք մեր հայրենիքը, կրնայ ըլլալ ես չի տեսնեմ, ընկերներս տեսնեն, ապագայ սերուդը տեսնէ…»:
Սփիւռքի մէջ անհայրենիք բայց հայրենիքը տեսնելու կարօտով ապրած հայու հոգիի խորերէն եկող հաւատքի կրակն է այս խօսքը: Հայրենազուրկ սերունդներու տասնամեակներ շարունակ հայրենիքի երազով եւ տեսլականով ապրած հայ մարդն է որ կը խօսի Լիզպոնի հերոսներու բերանով: Անոնք մարմնացումն են հայրենիք ունենալու հայրենի հողը ապրեցնելու հայու դարաւոր երազին: Բայց կայ նաեւ հաւատքը, որ իրենց ընկերները եւ յաջորդ սերունդը պիտի տեսնեն հայրենիքը»: Այս հաւատքը երազային կրնար թուիլ այդ օրերուն, երբ
Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մէկ մասնիկն էր եւ շատ-շատերը իրատեսական չէին համարեր Հայաստանի անկախութիւնը:
«Շատ հպարտ եմ որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ…»
Սփիւռքեան այլասերիչ եւ ուծացնոց պայմաններուն մէջ, երբ Ազատ Անկախ Հայաստանը տակաւին միայն երազ մըն էր, երբ օտար ափերու վրայ հետզհետէ հայութենէ հեռացողները սկսած էին արդէն մեծ փաղանգներու վերածուիլ, Լիզպոնի Հերոսները հայ ըլլալու հպարտութիւնը կ՛ապրէին եւ իրենց սխրագործութեամբ այդ հպարտութիւնը կը փոխանցէին յաջորդ սերունդներուն: Աւելին. իրենց գործողութեամբ հայօրէն նահատակուելու եւ այդ հայկականութեամբ հպարտանալու համոզումը կար անոնց մէջ: Բաւարար չէր հայ ծնած ըլլալ, այլ պէտք է գործել եւ ապրիլ հայօրէն:
«Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմանի: Կ՛ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկներն ենք»
Անկախ հայրենիք եւ պետութիւն ունենալու խորունկ ենթագիտակցութիւնն է որ կ՛արտայայտեն Լիզպոնի Տղաքը: Դարեր շարունակ պետականազուրկ ապրած հայ մարդն է որ կը բողոքէ անոնց բերնով եւ միաժամանակ կը պահանջէ ազգային եւ մարդկային իր տարրական իրաւունքները՝ ունենալ անկախ հայրենիք եւ ինքնիշխան պետութիւն: Անոնք հասկցած են եւ կը պատգամեն, որ Սփիւռքը ժամանակաւոր հանգրուան է եւ թէ հայու վերջնակայանը հայրենիքն է:
Հայու ազատատենչութիւնն է, որ կ՛ըսէ. «Կ՛ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ» եւ ազատատենչ հայը պայքարի ելած է հայրենիք ունենալու, իր դարաւոր կորսնցուցած հայրենիքին վերատիրանալու եւ հայու հպարտութեամբ այդ սրբազան հողին վրայ ապրելու, ռւ այդ հաւատքը, կարօտը եւ վճռակամութիւնը կը դրսեւորուին այս հինգ անմահներուն ընդմէջէն: Լիզպոնի գործողութիւնը Զինեալ Պայքարի ճամբուն վրայ կը մնայ անմահացած յուշարձան մը, որուն առջեւ արդէն շուրջ 40 տարիներէ վեր սերունդներ երկիւղածութեամբ կը խոնարհին եւ կ՛ոգեշնչուին անկէ, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու արդար պայքարի ճամբուն վրայ աննահանջ թափով շարունակելու «Յարատեւ Կռիւ»ը:
Իսկ Լիզպոնի նահատակներուն պատգամը պարզ է ու մեկին. ունենալ ազատ ու անկախ ինքնիշխան հայրենիք, գուրգուրալ անոր վրայ, զարկ տալ հայկական պետականութեան ամրապնդման, հայու հպարտութեամբ ապրիլ այդ հողին վրայ, ստեղծագործել այդ հողին վրայ եւ անսակարկ նուիրումով ռւ գերագոյն զոհաբերութեամբ պատրաստ ըլլալ ծառայել Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին: