ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ «Լինսի» հիմնարկութենէն ստացած է 25,000 տոլարի ազնիւ նուիրատուութիւն մը, որ պիտի օգտագործուի այս տարեշրջանի ընթացքին իրագործելի ծրագիրներու, ծառայութեանց անհրաժեշտ ծախսերուն համար:
Հայ օգնութեան միութիւնը շնորհակալութեամբ կը հաստատէ, թէ «Լինսի» հիմնարկութիւնը երկար տարիներէ ի վեր օժանդակած է ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի եւ մասնաճիւղերու ծրագիրներու իրագործման: Արդէն հայ համայնքին ծանօթ է, որ ՀՕՄի գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ շրջանի մարդասիրական, ընկերային եւ խորհրդատուական հարցերու թեթեւացումը, ինչպէս նաեւ իր հայկական կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններով Սփիւռքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Չաւախքի մէջ:
Շրջանային վարչութիւնը կ’եզրափակէ ըսելով. «Մենք երախտապարտ ենք այս նուիրատուութեան համար, որ պիտի թեթեւցնէ մեր համայնքի անհրաժեշտ կարիքները, որոնց միշտ ալ օգնութեան ձեռք կ’երկարէ ՀՕՄը»: