ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Լինսի» հիմնարկը 50,000 տոլարի յատկացում մը կատարեց Հայ Աւետարանական «Մերտինեան» միջնակարգ վարժարանին, կը հաղորդէ Նոյեմբեր 2ին վարժարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը: Հիմնարկի նախագահ Ճէյմս Ալճեան իր կողմէ ստորագրուած նամակով գումարը փոխանցեց վարժարանին, անցնող Օգոստոս 24ին:
Ամէն տարի «Լինսի» նիւթական յտակացումներով կը դրսեւորէ իր շահագրգռուածութիւնը ամերիկահայ կրթական կեանքով:
«Մերտինեան» վարժարանի ընտանիքը այս հաղորդագրութեամբ նաեւ կ’արտայայտէ իր երախտագիտութիւնը «Լինսի» հիմնարկին:
Այս վարժարանը հիմնուած է 1982ին եւ վարկաւորուած է WASC-ի կողմէ: Այս տարեշրջանին, վարժարանը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 25ամեակը: