ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական աղբիւրներ Երեքշաբթի, Յունիս 19ին հաղորդեցին, թէ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ (շերիֆ) Լի Պաքա Ատրպէյճան կ’այցելէ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին հրաւէրով: Պաքա Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ: