ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 19ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ նախապատրաստութիւն, ԼՂՀի մէջ արդէն իսկ կազմուած են 277 ընտրական տեղամասեր, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Երեւան՝ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցչութեան գրասենեակին մէջ:
Ստեփանակերտի Աջափնեակ թաղամասի բնակիչները առաջին անգամ ըլլալով ընտրութեան պիտի մասնակցին նոր ընտրական տեղամասին մէջ:
ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի փոխնախագահ Սէյրան Հայրապետեան տեղեկացուց, որ ընտրացուցակները ամբողջացած եւ տրամադրուած են համապատասխան ընտրական տեղամասերուն: Ընտրողները այժմ կրնան ստուգել իրենց անունները եւ այլ տուեալներ՝ թերութիւնները սրբագրելու համար: Այս մասի յստակ բացատրութիւններ եւս տրամադրուած են հանրութեան: