ԼՂՀի հռչակման 16րդ տարեդարձին առիթով, նախագահ Արկատի Ղուկասեան շարք մը հանրային գործիչներ պարգեւատրեց:
Այսպէս, հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ իրենց քաջութեան համար «Արիութեան» շքանշանով պարգեւատրուեցան 61 հոգի, որոնցմէ 49ը՝ յետմահու, իսկ «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան 23 հոգի, որոնցմէ 19ը՝ յետմահու:
Արցախի տնտեսական զարգացման մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի, բարեգործական գործունէութեան համար «Անանիա Շիրակացի» մետալով պարգեւատրուեցան Վալերի Չ. Մեժլումեան եւ Ռալֆ Ս. Երիքեան: Նոյն բնագաւառէն ներս, «Երախտագիտութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան Կալիա Ա. Առստամեան, Ալինէ Դուրեան, Արթուր Ա. Մկրտումեան, Սերկէյ Թ. Սարգսեան եւ Հրանդ Ռ. Սաֆարեան:
Նախագահը նաեւ պատուոյ կոչումներ շնորհեց մամլոյ, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի, ինչպէս նաեւ մարզական ոլորտի զարգացման իրենց աւանդը բերած շարք մը գործիչներու: