ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ատրպեճանական սահմանի վրայ Յունուար 21ին թշնամի արձակազէնի գնդակի հետեւանքով ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինուոր Մհեր Մովսիսեանի զոհուելու կապակցութեամբ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը յայտարարութիւն ըրած է:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ դէպքերու նման զարգացումը յղի է աննախատեսելի հետեւանքներով եւ կոչ կ’ուղղէ Պաքուին՝ հաւատարիմ մնալ զինադուլի պահանջներուն եւ սպառնալիքի տակ չդնել տարածաշրջանային ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը ուշադրութիւն կը հարաւիրէ նաեւ այն փաստի վրայ, որ վերջին շրջանին ատրպեճանական բանակի կողմէ կատարուող այսպիսի քայլերը կը միտին միայն ապակայունացնելու տարածաշրջանի արդէն լարուած իրավիճակը: