ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ գործող Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Յունուար 18ին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւոր տարբերակները» թեմայով կլոր սեղան, որուն մասնակցեցան հանրութեան լայն շրջանակներ՝ հասարակական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ եւ այլն:
Կեդրոնի տնօրէն Թեւան Պօղոսեան յայտնեց, որ նման ունկնդրութիւններու նպատակն է իմանալ ԼՂՀ հասարակութեան կարծիքը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման մասին:
Կլոր սեղանի ընթացքին մասնակիցներուն ներկայացուեցան ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ մամուլով արծարծուած մօտաւոր զարգացումներու հինգ տարբերակներ.
1.- Իրավիճակի պահպանում (սթաթուս քօ)՝ «ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» իրավիճակ,
2.- Լեռնային Ղարաբաղը անկախ պետութեան կարգավիճակով (տէ ֆաքթօ իրավիճակ), որ կ’ընդունուի միջազգային հանրութեան կողմէ,
3.- ԼՂՀն Հայաստանի կազմին մէջ, իսկ կարգավիճակի հարցը կը լուծուի ապագային՝ ԼՂՀ յարակից շրջանները յանձնելէ յետոյ,
4.- ԼՂՀն միջազգային հովանիի ներքոյ՝ անկախութեան հանրաքուէ 5 տարի յետոյ, ատրպէյճանցի փախստականներու վերադարձ, եւ այլ պայմաններ.
5.- Յետաձգուած որոշում. յստակ երաշխիքներ միջազգային հանրութեան կողմէ, որ կ’ենթադրէ 5 շրջան յանձնելէ յետոյ (բացառութեամբ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններէն, որոնք կը մնան հայկական վերահսկողութեան ներքոյ մինչեւ ԼՂ ինքնորոշման գործընթացի աւարտը), փախստականներու վերադարձ, միջազգային խաղաղապահ զօրքերու տեղադրում եւ այլն:
Բաւականին բուռն քննարկումներէ յետոյ, քուէարկութեամբ նախապատուութիւնը տրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման 2րդ տարբերակին, 60 մասնակիցներէն հաւաքելով 31 ձայն: Առաջին տարբերակին քուէարկեցին 12 մասնակից, 3րդին՝ 4, 5րդին 1, իսկ այլ՝ 6րդ տարբերակին 6 ձայն:
Թ. Պօղոսեան ամփոփելով ունկնդրութեան արդիւնքները յայտնեց, որ Արցախի հասարակութեան մեծամասնութիւնը կողմնակից է անկախ պետութեան կարգավիճակին: Ան նշեց նաեւ, որ բացի մայրաքաղաքէն, կլոր սեղաններ պիտի կազմակերպուին նաեւ Մարտակերտի եւ Մարտունիի մէջ եւ յայտնեց, որ բոլոր առաջարկները եւ տեսակէտները պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին ԼՂՀի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն:
Քննարկման մասնակցեցան նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Էտուարտ Աղաբէկեան, ԼՂՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Մասիս Մայիլեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ: