ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, »Արմէնփրէս«.- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Հոկտեմբեր 4ին ընդունեց Երեւանի քաղաքապետ, »Շուշիի վերածնունդ« հիմնադրամի նախագահ Երուանդ Զախարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան հիմնադրամին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, նշուեցան հետագայ գործունէութեան ուղղութիւնները՝ պատերազմէն վնասներ կրած Շուշիի ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ զարգացման առումով:
Բարձր գնահատելով Արցախի մշակոյթի վերածնունդին աջակցելու հիմնադրամի պատրաստակամութիւնը, ԼՂՀ նախագահը ընդգծեց այդ ուղղութեամբ աշխատանքները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ ԼՂՀ իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը՝ ծրագիրին աջակցելու համար: