ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին ընդունեց հայկական բանակի սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ՝ զօրավար Սէյրան Օհանեանը եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննեցին բանակաշինութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը հարցեր: