ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Փախստականները եւ միջազգային իրաւունքը կոչուած ցանցի նախաձեռնութեամբ, մշակուած է ԼՂՀ քաղաքացիութեան մասին օրինագիծը, որ հրապարակային քննարկումներէն յետոյ պիտի ներկայացուի ԼՂՀ Ազգային ժողովի քննարկումին:
Նշենք, որ այս ամառ կազմուած ցանցին մաս կը կազմեն շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց կ’անդամակցին հարիւր հազարաւոր հայ փախստականներ Ատրպէյճանէն:
Նոյեմբեր 30ին, «Փախստականները եւ ԼՂՀ քաղաքացիութիւնը» նիւթով համաժողովի ընթացքին, ցանցին մաս կազմող «Աջակցութիւն որակի համընդհանուր կառավարման» կազմակերպութեան նախագահ Էլանորա Ասատրեան յայտարարեց, որ քննուած նախագիծը կը նախատեսէ Ատրպէյճանէն հայ փախստականներուն հատուցում՝ կորսնցուցած գոյքի դիմաց: Ան յայտնեց, որ ցանցը դիմած է Ատրպէյճանի նախագահին, հատուցման հարցը լուծելու առաջարկով, սակայն պատասխան չէ ստացած:
Համաժողովին յայտարարուեցաւ, թէ օրինագիծը կը նախատեսէ նաեւ ԼՂՀ քաղաքացիութիւն ստանալու առաջնահերթ իրաւունք: