ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հարցապնդումի օրակարգի ծիրէն ներս, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չի կրնար ըլլալ առեւտուրի առարկայ, ոչ կազի, ոչ քարիւղի հետ. «Ի հարկէ, եթէ մինչ այդ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուի, շատ աւելի հեշտ կը լինի նաեւ այդ խնդիրների կարգաւորումը, բայց երբեք կազը, նաւթը գին չեն կարող լինել ԼՂ հարցում գնալու այնպիսի լուծման, որը մէկ այլ պայմաններում մենք կարող էինք բացառել», յայտարարեց նախարարը:
Օսկանեան անդրադարձաւ նաեւ ուժանիւթի հարցերուն եւ ըսաւ, թէ այս ուղղութեամբ աղբիւրներու բազմազանութիւնը Հայաստանի կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ բոլոր ընձեռուած հնարաւորութիւններէն, ներառեալ՝ անդրկասպեան կազի խողովակաշարէն, Հայաստան պիտի օգտուի:
Վարդան Օսկանեան աւելցուց, որ անդրկասպեան խողովակով պիտի հոսի ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ կազը, եւ Հայաստան կրնայ երկկողմանի ու բազմակողմանի պայմանագիրներով օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն:
Նախարարը նշեց նաեւ, որ Հայաստան ունի ռուսական կազի խողովակը, շուտով պիտի գործէ նաեւ իրանեանը, եւ պէտք է որոնել այլ աղբիւրներ եւս:
Աւելցնենք, որ երէկ, «Լոս Անճելըս թայմզ» լոյս ընծայեց Վարդան Օսկանեանի «Թուրքիան կը կորսնցնէ Հայաստանի հարցով ծագած հնարաւորութիւնը» խորագրով յօդուածը, ուր ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը կը վերլուծէ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարքագիծը՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան լոյսին տակ:
Յօդուածը, որու հայերէն թարգմանութիւնը մեզի տրամադրուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ հիւպատոսարանին կողմէ, պիտի տանք մեր վաղուան համարով: