ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- ԼՂՀ մէջ կազմակերպուած հանրաքուէի նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ սահմանադրութեան նախագիծին կողմ քուէարկած է ընտրողներու 98.58 տոկոսը, իսկ դէմ՝ հանրաքուէի մասնակիցներու 0.7 տոկոս:
Մասնակցութիւնը կազմած է 87.02 տոկոս:
Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէի նախնական արդիւնքները Ստեփանակերտի մէջ ներկայացուց հանրաքուէի կեդրոնական յանձնաժողովի նախագահ Սերկէյ Նասիբեան:
2005ի Մարտին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի «Հանրաքուէի մասին» օրէնքի համաձայն՝ վերջնական արդիւնքներուն ամփոփման համար հանրաքուէի աւարտէն յետոյ երեք օր կը տրուի:
ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի խօսքերով, Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրութեան ընդունումը «Միայն դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վրայ» եւ սահմանադրական հանրաքուէն «Լրիւ համապաստախանում է բանակցային գործընթացի տրամանաբնութեանը»:
Յիշեցնենք, որ սահմանադրութեան նախագիծով, որը ներկայացուած էր հանրաքուէի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը կոչուի ինքնիշխան, ժողովրդավարական պետութիւն:
Նշենք, որ երէկ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղեց ԼՂՀ ղեկավարութեան եւ արցախցիներուն սահմանադրութեան ընդունման առիթով.
«Շնորհաւորում եմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեանը եւ արցախցիներին համաժողովրդական քուէարկութեամբ սահմանադրութեան ընդունման կապակցութեամբ: Հանրաքուէին իր կազմակերպուած եւ գործուն մասնակցութեամբ Արցախի ժողովուրդը մէկ անգամ եւս հաստատեց ազատ ապրելու իր վճռականութիւնը: Ժողովրդավարութեան ամենաբարձր չափանիշներին համապատասխան անցած այս հանրաքուէն եւս մէկ հիմնաքար դրեց Լեռնային Ղարաբաղի պետականութեան կայացման գործում:
«Անկախութեան հռչակման առաջին օրուանից Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը որդեգրեց ժողովրդավարական զարգացման ուղին: Դա բազմիցս ապացուցուել է ազատ եւ արդար ընտրութիւններով: «Սահմանադրութեան հանրաքուէն ոչ միայն շարունակեց կամքի ազատ արտայայտման բարի աւանդոյթը, այլեւ հնարաւորութիւն ընձեռեց ամրագրել ժողովրդավարութեան կանոնները երկրի հիմնական օրէնքում:
«Շնորհաւորելով ողջ հայութեանը Արցախում կայացած հանրաքուէի կապակցութեամբ՝ մաղթում եմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանը բարօրութիւն, խաղաղութիւն եւ կայուն զարգացում»: