ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Յաջորդ գումարման խորհրդարանում Հ.Յ.Դ. կը լինի խորհրդարանակա՞ն, թէ արտախորհրադարանական կուսակցութիւն՝ կ’որոշի ժողովուրդը: Կանխատեսումներ անել չեմ ուզում, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, որ այդ խորհրդարանում շատ ցնցող փոփոխութիւններ չեն լինի եւ Հ.Յ.Դ.ն ներկայացուած կը լինի», Նոյեմբեր 24ին նման կանխատեսում կատարեց ԱԺ փոխխօսնակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
Թէ ինչ չափով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցը յաջողած է իրականացնել իր նախընտրական խոստումները՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ պարզել «Հ.Յ.Դ.ն խորհրդարանում» եւ «Հ.Յ.Դ.ն կառավարութիւնում» գրքոյկներու միջոցով, որոնք կը պատրաստէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը: «Սրանցից պարզ կը դառնայ, թէ նախընտրական խոստումների ո՞ր մասն է մեզ յաջողուել իրականացնել, որը՝ ոչ; Ոչ մի կուսակցութեան, այդ թւում նաեւ մեզ, չի յաջողուել իրականացնել այն ամէնը, ինչ խոստացուել է: Այնուամենայնիւ, մեր խոստումներն աւելի զուսպ եւ իրատեսական են եղել, հետեւաբար՝ խոստացածի եւ կատարածի միջեւ տարբերութիւնը շատ աւելի փոքր կը լինի», վստահեցուց ան եւ աւելցուց, որ այսօր աւելի իրատեսական խոստումներ կու տան, քանի որ այն ժամանակ աւելի լաւատես էին փոփոխութիւններու իրական հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ: