ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Նոյեան Տապան».- Ս. Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինումով լոյս ընծայեց Սահակ վրդ. Մաշալեանի «Երկու ուխտաւոր» եռամաս վէպի առաջին եւ երկրորդ մասերը:
Գիրքը նուիրուած է հայ եկեղեցւոյ 18րդ դարու երկու կարկառուն դէմքեր՝ Յովհաննէս Կոլոտ եւ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքներուն, որոնք իրենց առաքելութեամբ անմոռանալի հետք թողած են հայ ժողովուրդի ազգային պատմութեան վրայ: Հրաշագործ Վարդան վարդապետին աշակերտած այս երկու վանականներու կեանքը մեծ դասեր կը պարունակէ բոլոր ժամանակներու հաւատացեալ ուխտաւորներուն համար:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի փոխտեսուչ Սահակ վրդ. Մաշալեան ընթերցողին կը մատուցէ հետաքրքրական պատմավէպ մը, որ նորութիւն է մեր կրօնական գրականութեան համար:
Վէպը գրուած է արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէնի վերածուած է հրատարակչական բաժինի կողմէ: