2007ի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով աւելի լաւ նուէր չէր կրնար ըլլայ Հայ Դատի մեր բազմաթիւ անուանի եւ անանուն նահատակներուն պանծալի յիշատակին, քան ինչ որ պարգեւեցին մեր հրաշալի երիտասարդները (Լոս Անճելըսէն եւ Պէյրութէն), անգամ մը եւս յայտարարելով ողջ հայութեան եւ համայն մարդկութեան, որ իրենք յանձնառու կը մնան Հայ Դատի հետապնդման, ինչքան ալ փշոտ ըլլալ այդ ճանապարհը:
Ապրիք տղաք. ազգերու ապագան միշտ յանձնառու երիտասարդութեան կամքով պայմանաւորուած է, եւ դուք այդ յանձնառութեամբ «լեցուցիք» ձեր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան «արձակուրդը», բոլորիս յուշելով, որ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը թուականներով չէ սահմանուած, այլ ամէնօրեայ յանձնառու պայքար է:
Շնորհաւոր ձեր բոլորին Նոր տարին:
Վ. Ու.