ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Յուլիս 16ին, Լոս Անճելըսի կաթոլիկ եկեղեցին յայտարարեց, թէ որոշած է դատավարութեան փոխարէն վնասուց հատուցում կատարել եկեղեցականներու սեռային շահագործումներուն ենթարկուած աւելի քան 500 հոգիի, որոնք դատ բացած էին եկեղեցիին դէմ:
Կարտինալ Ռաճըր Մըհոնի Կիրակի օր նաեւ ներողամտութիւն խնդրած էր կաթոլիկ կղերականներուն այս յանցանքներուն համար: