ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ… Ձեզի մեզի մեծ աւետիս…»: Տօնական օրերու մթնոլորտի մէջ սովորական է լսել այս մաղթանքը, մարդիկ իրարու այսպէս կը դիմեն, բայց այս անգամ փոքրիկներն են, որ կ’աւետեն իրենց անմեղ հոգիներէն բխող մանկական շեշտով մը։
Նոյն մտածումներով, մեծ թիւով ծնողներ, հարազատներ դիմեցին Հայ Քոյրերու վարժարան՝ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ի առաւօտեան։ Անոնք ըմբոշխնեցին 3-5 տարեկան փոքրիկներու ներկայացուցած այդ մեծ խորհուրդը՝ որ աւելի կը հզօրանար եւ կ’իմաստաւորուէր մանուկներու տուած պատգամով։
Հ.Ք. վարժարանի մանկապարտէզը, իր լրիւ աշակերտներով, կը ներկայացնէր «հին դէպք» մը եւ միշտ այժմէական՝ Քրիստոսի ծնունդը իր բոլոր մանրամասնութեամբ։ Շնորհիւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներու մեծ համբերութեան, աշակերտները անգիր սորված էին բոլոր դէպքերու մանրամասնութիւնները եւ ամենայն ճարտարութեամբ բեմականացուցին եւ ներկայացուցին այդ օրերու դէպքերը, սկսելով մարդահամարէն, հրեշտակի աւետումը, մանուկ Յիսուսը իր հօր եւ մօր հետ, հովիւներու ներկայութիւնը, մոգերու նուէրներու մատուցումը, Հերովդէսի զայրոյթը եւ այս բոլորը կ’աւարտէր գեղեցիկ երգեցողութեամբ մը, ուր ամբողջ մանկապարտէզը շարականները կ’երգէր հրեշտակային ձայնով եւ անմեղութեամբ, որ կը դառնար միսթիք եւ ամբողջական, երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։
Մանկապարտէզի պատասխանատու Սօնա Գազանճեանի օրուան պատշաճ բնաբանով եւ բարի գալուստի խօսքերով սկսած հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի Ս. Ծննդեան մաղթանքներով։ Ան շնորհաւորեց ծնողները, ներկաները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատասխանատուներուն եւ ուսուցչուհիներուն իրենց անշահախնդիր աշխատանքին համար, որուն պտուղը վայելեցին ամբողջ մէկ ժամ։
ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ
Այս տարի նախակրթարանն ալ իր պաշտօնական հանդէսը ունեցաւ ի մի բերելով վարժարանի բոլոր ծնողները, բարեկամները, նախկին շրջանաւարտները։ Դեկտեմբեր 21ը գեղեցիկ առիթ մըն էր միասին բաժնելու սքանչելի երեկոյ մը, ըմբոշխնելով Աւետումը Ծննդեան, զանազան լեզուներով, լսելու գալուստը Աշխարհի Փրկիչին եւ հաղորդուելու հրեշտակային մաղթանքներովը պատանիներուն, որոնք օրուան պատշաճ տարազներով եւ լրջութեամբ պատգամ մը փոխանցեցին ներկաներուն՝ Մեսիայի գալուստը։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց ութերորդ դասարանէն Քըրք Քիւրքճեան, ինչպէս նաեւ հանդիսութեան տեւողութեան բծախնդրութեամբ կատարեց բեմավարութիւնը, միաժամանակ մասնակցելով երգեցողութեան։
Հանդիսութիւնը բաժնուած էր երկու մասերու, առաջին հերթին Ամանորի յատուկ տարազներով, մթութեան մէջ, խորհրդաւոր մոմերով եւ գեղեցիկ երգեցողութեամբ սրահ մուտք գործեցին երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտները։
Անոնք հրեշտակային ձայնով կ’երգէին «Ծննդեան գիշեր» երգը՝ ներկաները վերացնելով եւ փոխադրելով դէպի ծնունդը Յիսուսի։ Փոքրիկները իրենց տեղերը գրաւելէ ետք շարունակեցին երգեցողութիւնը՝ Ծննդեան եւ Ամանորի երգերով, որոնք գեղեցկօրէն համեմուեցան մեներգներով, խանդավառելով ունկնդիրները, որոնք հիացած էին այդ մատղաշ ձայներու ունկնդրութեամբ։
Պարագան նոյնն էր նաեւ երկրորդ բաժինի, ուր չորրորդ դասարանէն մինչեւ ութերորդ դասարանի բոլոր աշակերտները անխտիր կը մասնակցէին, խորհուրդին լրիւ տիրապետած ու պահուն լրջութեան գիտակից։ Անոնք բեմի վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին, մինչ ներկաներու ունկն ու ուշադրութիւնը գրաւեց վեցերորդ կարգէն Քրիստ Սիմոնեանի կիթառի վրայ նուագած Ծննդեան մեղմ երգը, ապա սրահին մէջ տարածուեցաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականը: Կ’արժէր տեսնել անոնց դեռատի դէմքերը, որքան ապրում կար հոն… Աշակերտները նաեւ մեկնաբանեցին զանազան երգեր եւ շարականներ՝ քանի մը լեզուներով: Շատեր կատարեցին մեներգներ, կարծէք բեմի վարժ կատարողներ ըլլային, ինչպէս Մէրի Նաճարեանը՝ իր «Աւէ Մարիա»ով:
Երեկոյի գլուխ գործոցը կը հանդիսանար Հենտըլի «Մեսաիա» կտորը, որ անհաւատալի յաջողութեամբ կատարեցին աշակերտները։ Իսկապէս հրաշալի էր ներկայացուած գործը՝ զգեստաւորումը, ձայնային սարքաւորումը, լուսաւորումը, մենակատարներու եւ մենախօսներու ձայներու ընտրութիւնը, պահուան պատշաճ կեցուածքը, որոնք արգասիքն էին Վարդուհի Պաղտասարեանի բծախնդիր եւ ուշադիր գործին։
Շնորհաւորելի էր ուսուցչուհիին տարած աշխատանքը եւ համադրումը, նաեւ շնորհաւորելի էին աշակերտները, որոնք երկար փորձերով յաջողցուցին այս մեծ աշխատանքը:
Հայ Քոյրերու վարժարանը իր առաքելութեան մէջ էր։ Այդ օր սովորական օր մը չէր, սովորական հանդէս մը չէր, որ կը ներկայացուէր դպրոցի մը բեմին վրայ, այդ պահուն իսկապէս Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդն էր, որ կը տիրէր հոն՝ ներկաներու եւ աշակերտներու հոգիներուն եւ մթնոլորտին մէջ իսկ։
Հանդիսութեան աւարտին, տնօրէնուհի քոյր Լուսիա շնորհաւորեց աշակերտները, ուսուցչուհին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան այս աշխատանքի իրականացման, ապա իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ս. Ծնունդի եւ Նոր տարուան առիթներով եւ բեմ հրաւիրեց Հ. Անտոն Սարոյեանը։ Ան իր հիացումը յայտնեց ի տես այս աշխատանքին եւ պատմական ետդարձ մը ըրաւ, ներկաները տանելով 2000 տարի առաջ եւ Ս. Ծննդեան մաղթանքով փակեց հանդիսութիւնը: