ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը (PAC) յայտարարեց, թէ պատուելու համար Նիւ Ճըրզիի դեմոկրատ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզը՝ Հոկլընտի նշանակումի հարցով իր ցուցաբերած խիզախութեան համար, ընդունելութիւն մը կազմակերպած է Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, Յանձնախումբի երկարամեայ զօրակցող Աշխէն Փիլաւճեանի բնակարանին մէջ, Սանթա Մոնիքա, երեկոյեան ժամը 5-7:
Յանձնախումբի բանբեր Արա Փափազեան այս առիթով յայտարարեց, թէ ծերակուտական Մենենտէզ աչքառու վարկ շահած է Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ իր կեցուածքով՝ առանձինն կասեցնելով Ռիչըրտ Հոկլընտի Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակումը: Ան շարունակեց ըսելով, որ ծերակուտականը այս հարցով դէմ դրած է վարչակազմին, պետական քարտուղարութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ լոպպիիստներուն, ի վերջոյ ստեղծելով կացութիւն մը, որու պարտադրանքով Սպիտակ տունը յետս կոչեց Հոկլընտի թեկնածութիւնը նշեալ պաշտօնին համար:
Այս ընդունելութեան նպատակներէն մէկն ալ Ծերակուտական Մենենտէզին զօրակցիլ է՝ իր յառաջիկայ ընտրապայքարին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, ուր ան արդէն իսկ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ լոպպիիստներու բուռն ընդդիմութիւնը:
Ընդունելութեան մասնակցութեան համար ճշդուած է նուիրատուութեան չափ մը, որ կը տարուբերի 1000էն 2300 տոլարի միջեւ: Մասնակցիլ փափաքողները կրնան հեռաձայնել յանձնախումբին՝ հետեւեալ թիւով.- (818) 521-4901: