ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Յունուար 7ի թիւով, «Լոս Անճելըս թայմզ» օրաթերթը իր քաղաքական լուրերու բաժնի 20րդ էջով երկարաշունչ թղթակցութիւն մը հրատարակեց Հայաստանի դեսպան նշանակելու հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի դիմագրաւած դժուարութեանց կապակցութեամբ, կեդրոնանալով պաշտօնազրկուած դեսպան Ճան Էւընզի ոդիսականին վրայ: Յօդուածին հեղինակն է Մորա Ռենոլտզ:
Հեղինակը կ’անդրադառնայ Էւընզի փոխարէն նշանակուած դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի վաւերացման դէմ Ծերակոյտին դրած արգելքին ու մանրամասնօրէն կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս նախորդ դեսպան Էւընզ, դուրս գալով ամերիկեան քաղաքականութեան գիծէն, ընդունած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կ’աւելցնէ, թէ Թուրքիայէն դուրս շատ քիչ տարակարծութիւն կայ, որ 1915ի ջարդերը ցեղասպանութիւն էին։
Էւընզ թերթին տուած կարճ հարցազրոյցին մէջ դարձեալ շեշտած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատելու իր քայլը «լեզուի սայթաքում մը չէր», այլ ինք գիտակցաբար արտասանած էր «ցեղասպանութիւն» բառը, գիտակցելով հանդերձ, թէ այդ քայլը իր երկրին քաղաքականութեան հետ հաշտ չէ։
Պետական քարտուղարութենէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը իր կարգին ըսած է. «Թէեւ մենք երբեք չըսինք, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած, բայց պարզապէս այդ բառը արտասանեցինք»։
Թերթը, արձագանգ հանդիսանալով տարբեր կարծիքներու, կը նշէ, որ Հոկլընտ հայերու բողոքներուն ենթարկուելով «քաւութեան նոխազ» դարձաւ եւ ցարդ յայտնի չէ, թէ Պուշ զինք դարձեալ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին պիտի նշանակէ, թէ պիտի ընդունի այլ դեսպան մը նշանակելու դեմոկրատ մեծամասնութեան պահանջը:
Դեմոկրատ քոնկրէսականի մը օգնականը յայտնած է, թէ Հոկլընտի հարցը շատ հաւանաբար ճակատումի պիտի բերէ նախագահն ու դեմոկրատները:
Թերթը կը պաշտպանէ այն կարծիքը, թէ Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է բանավէճի նիւթ դառնայ թուրքերու միջեւ։