ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, օփերայի իտալացի աշխարհահռչակ երգիչ Լուչիանօ Փաւարոթթիի բանբերը հաղորդեց, թէ 71ամեայ երգիչը նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 5ին մահացած է իր ծննդավայր Մոտենա քաղաքին մէջ գտնուող բնակարանին մէջ, Իտալիա: Ան աւելի քան տարիէ մը ի վեր քաղցկեղէ կը տառապէր:
Յատկանշական է, որ Փաւարոթթի զաւակն էր երգել սիրող փռապանի մը:
20րդ դարու երկրորդ կիսուն օփերայի ամենահռչակաւոր թենորներէն մէկը հանդիսացող Փաւարոթթի կը նկատուի օփերան աւելի լայն զանգուածի հասցնելու աշխատանքին կարեւոր դերակատարներէն մէկը: Ան նաեւ զանազան մարդասիրական նպատակներու համար դրամահաւաքի ձեռնարկներու մասնակցած է վերջին քանի մը տասնամեակներուն: Այս ծիրէն ներս, ան Հայաստանի 1988ի երկրաշարժի աղէտեալներուն համար եւս համերգ մը տուած է Մոսկուայի մէջ:
Նկարին մէջ, Փաւարոթթի 1999ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ելոյթի մը ընթացքին: