ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ Դեկտեմբեր 18ին բացումը կատարուեցաւ լուսանկարչական արուեստի հանրապետական առաջին մրցութային ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած են բոլոր մարզերու երիտասարդները եւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները, որոնք ներկայացուցած են շուրջ 116 գործեր:
Ինչպէս նշեց ցուցահանդէսի կազմակերպիչ, ԵՊՀ դասախօս Սահակ Տրոյեան, նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է ցոյց տալ հասարակութեան, թէ Հայաստանի մէջ ինչքան արագ կը զարգանայ լուսանկարչութիւնը: «Ի հարկէ, դեռ վաղ է խօսել մեր երիտասարդների արհեստավարժութեան մասին, սակայն սա կարելի է համարել տարուայ մեծագոյն նուաճումներից մէկը լուսանկարչութիւնում, եւ արուեստի այս ճիւղը Հայաստանում նոյնպէս կ’ունենայ մեծ ապագայ», նշեց Ս. Տրոյեան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսի աշխատանքներուն աջակցած է մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը: Ան պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 21, լաւագոյն աշխատանքներու հեղինակներուն պիտի յանձնուին մրցանակներ: