ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ռումանիոյ նորընտիր պատրիարք Դանիէլ արքեպիսկոպոսի գահակալութեան անձնական հրաւէր ստացած ըլլալով, Արամ Ա. կաթողիկոս Ռումանիա ուղարկեց պաշտօնական պատուիրակութիւն մը բաղկացած Կոմիտաս արք. Օհանեանէ եւ Շահէ Ծ. վրդ. Փանոսեանէ, մասնակցելու համար գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան:
Նշենք, որ Դանիէլ արքեպիսկոպոս աւելի քան 30 տարիներու անձնական բարեկամն է Ս. Աթոռոյս գահակալ վեհափառ հայրապետին: Ան անդամ եղած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան, որու ատենապետութիւնը վարած է Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ երկու տասնամեակ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջոյնի յատուկ Գիր յղեց նորընտիր պատրիարքին, ինչպէս նաեւ Հայրապետական յուշանուէր մը յանձնեց անոր, պատուիրակութեան ճամբով: Գահակալութեան հանդիսութեան աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները, յանուն վեհափառ հայրապետին շնորհաւորեցին նորընտիր պատրիարքը, բեղուն գործունէութիւն եւ արեւշատ գահակալութիւն մաղթելով Նորին Սրբութեան: Այս առիթով անոնք վերահաստատեցին Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետական Ս. Աթոռին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Ռումանիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ եղբայրական սերտ գործակցութեան երկար տարիներու վրայ երկարող կապերը: