ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 29էն սկսեալ, գերմանական «Լուֆթհանզա» ընկերութիւնը պիտի աւելցնէ Միւնիխ-Երեւան-Միւնիխ թռիչքներու թիւը՝ զանոնք հասցնելով շաբաթական չորսի, որոնք նախատեսուած են Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 19ին, «Արմաւիա» ընկերութիւնը վերսկսաւ Երեւան-Թեհրան-Երեւան թռիչքները, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթը երկու անգամ՝ Չորեքշաբթի եւ Կիրակի:
Նշենք, որ Թեհրան-Երեւան օդային փոխադրումներ կը կատարէ նաեւ իրանական «Քասփեըն էրլայնզ» ընկերութիւնը: