ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի Վէյք-ան-Զէ քաղաքին մէջ կազմակերպուած «Քորուս» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքին կը մասնակցին Հայաստանի ճատրակիստներ Լեւոն Արոնեան A խումբի եւ Գաբրիէլ Սարգսեան՝ B խումբերուն մէջ:
Երեք մակարդակներով կազմակերպուած մրցաշարքի իւրաքանչիւր խումբին մէջ կը մրցին 14 ճատրակիստներ:
Երէկ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի պաշտօնական բացումը, իսկ այսօր, Յունուար 13ին, տեղի պիտի ունենան առաջին մրցումները:
Մրցաշարքը պիտի աւարտի Յունուար 28ին: