ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլացի եւ արաբ պաշտօնատարներ Երեքշաբթի, Յուլիս 10ին յայտնեցին, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ ապու Ղէյթ եւ Յորդանանի անոր պաշտօնակից Ապտուլիլահ Խաթիպ յառաջիկայ Յուլիս 25ին Իսրայէլ պիտի այցելեն։
Անոնք Իսրայէլ պիտի այցելեն իբրեւ Արաբական լիկայի մէկ պատուիրակութիւն, յառաջ մղելու համար Արաբական լիկային կողմէ առաջադրուած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը:
Նախապէս որոշուած էր այցելութիւնը այս շաբթուան ընթացքին կատարել, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի խնդրանքով այցելութեան թուականը յետաձգուած է:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Ռեկեւ յայտնեց, որ «այս առաջին անգամն է, որ Արաբական լիկայի պատուիրակութիւն մը Իսրայէլ պիտի գայ։
«Իր հիմնադրութենէն ի վեր Արաբական լիկան Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական կեցուածք ունեցած է։ Ասիկա առաջին անգամը պիտի ըլլայ, որ Արաբական լիկայի դրօշակը պիտի ծածանենք», աւելցուց ան։
Իսրայէլ փափաք յայտնած էր, որ արաբական պատուիրակութեան մէջ յորդանանցի եւ եգիպտացի ներկայացուցիչներու կողքին արաբական այլ երկիրներէ ներկայացուցիչներ եւս ըլլան, սակայն այդ առաջարկը մերժուած է:
Յայտնենք, թէ Եգիպտոս եւ Յորդանան արդէն իսկ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատած են Իսրայէլի հետ, խաղաղութեան համաձայնագիրներու ստորագրութենէն ետք:
Արաբական լիկայի ծրագրին մէջ Իսրայէլի կ’առաջարկուի բնական յարաբերութիւններ հաստատել արաբական պետութեանց հետ, 1967ին Իսրայէլի կողմէ գրաւուած բոլոր հողերէն նահանջին փոխարէն: Կը պահանջուի նաեւ պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատումը եւ պաղեստինեան գաղթականներու տագնապին «արդար լուծում» մը:
Պաղեստինեան եւ իսրայէլեան աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, թէ շատ հաւանաբար յառաջիկայ Երկուշաբթի օր հանդիպում մը կայանայ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Օլմերթի միջեւ:
ՖԱՅԵԱՏ-ԼԻՎՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՉ
Անցեալ ամիս իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, պաղեստինեան արտակարգ դրութեան կառավարութեան վարչապետ Սալամ Ֆայեատ Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնիի հետ։
Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կը նկատուի պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի զօրակցելու քայլ մը։
Ֆայեատի հետ Լիվնիի հանդիպումէն ետք Իսրայէլի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Հիմնականին մէջ քննարկումները կը վերաբերէին պաղեստինեան իշխանութեան մէջ տիրող կացութեան եւ Իսրայէլի ապահովական շահերը պահպանելով հանդերձ հողամասերուն վրայ բնակողներուն կեանքը բարելաւելու ձեւերուն»։
Իսրայէլացի բանբեր Միրի Էյսին յայտնեց, որ իր երկիրը պաղեստինեան նոր կառավարութեան նշանակումը դրական իրադարձութիւն մը կը նկատէ։ «Ասիկա կառավարութիւն մըն է, որ յստակ կերպով ընդունած է միջազգային սկզբունքները՝ ոչ միայն Իսրայէլի ճանաչումը, այլ մանաւանդ ահաբեկչութենէն հրաժարիլը», ըսաւ ան:
Ապպասի կողմէ նշանակուած արտակարգ դրութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայիատի գրասենեակէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «ոչ միայն այստեղ կամ այնտեղ զետեղուած անցարգելներ վերցնելու հարցերը, այլ աւելի մեծ քաղաքական հարցեր»։