Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի «Կրենտ Սլեմ»ի մրցաշարքի ծիրին մէջ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ 18րդ դասուած է, Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին 6-3, 6-4, 3-6, 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Ֆրենսիս Թիաֆոյէին դէմ (16րդ):
Սովորութեան համաձայն, յաղթական մարզիկներուն կարելիութիւն տրուած է մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռող գործիքներուն վրայ գրութիւն մը նշել:
Խաչանով, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախին՝ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած շրջափակումին դէմ, անգլերէնով գրեց. «Artsakh stay strong!!!» («Արցախ, զօրաւոր մնա՛»):
Դ. հանգրուանի մրցումներուն, 26 տարեկան Խաչանով, որ մրցեցաւ ճափոնցի Եոշիհիթօ Նիշիոքայի (31րդ) դէմ, 6-0, 6-0, 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով՝ ապահովեց քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Այդ մրցումէն ետք, ան դարձեալ գրեց. «Keep believing all the way until the end. Artsakh stay strong!!!» «Շարունակէ հաւատալ մինչեւ վերջ։ Արցախ, զօրաւոր մնա՛»):
Ատրպէյճանի թենիսի դաշնակցութիւնը զայրոյթով հակադարձեց Խաչանովի կոչերուն՝ պահանջելով Թենիսի միջազգային դաշնակցութենէն, որ պատժէ Խաչանովը, Ատրպէյճանի վրայ «յարձակումներ»ուն համար։