Մելպուռնի մէջ աւարտած Աւստրալիոյ «Կրենտ Սլեմ» թենիսի մրցաշարքի ծիրին մէջ, մրցաշարքին 18րդը դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով չկրցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը, 6-7, 4-6, 7-6, 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասէն (դասուած՝ 3րդ), երեքուկէս ժամ տեւած մրցումէ մը ետք։
Նշենք, որ Երկուշաբթի օր հրապարակուած աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորման մէջ Խաչանով, որ մրցաշարքին ընթացքին Արցախի ի նպաստ իր գրարումներով զայրացուցած էր Պաքուն, կը գրաւէ 13րդ դիրքը։ Ան 638,333 տոլարով հեռացաւ Աւստրալիոյ մրցաշարքէն։