
Հայաստանի անկախութեան հռչակումը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատումը՝ Մայիս 28, 1918ին, մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին մարմնացումն էր։ Դարերով օտար լուծի եւ բռնատիրութեան տակ ապրած հայութիւնը այս քայլերով իր պատմութեան նոր էջ մը գրեց, կերտելով հայրենիք մը եւ իր արդար դիրքը գրաւելով աշխարի պետութեանց շարքին մէջ։
Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ Մայիս 28ի սխրանքին կրնայ մօտենալ միայն 1988ին ծնունդ առած Արցախի Ազատագրական շարժումը, որ իսկապէս առաջնորդեց Արցախի ազատագրումին եւ Արցախի Հանրապետութեան հաստատումին, շնորհիւ իր ինքնորոշման իրաւունքը խլելու արցախցիներու կամքին, որ շատ նման էր նոյն տարածքին մէջ 70 տարի առաջ իրագործուածին։
Այդ տարիներէն ետք, հայութեան հայրենիքը եւ հայութիւնը դիմագրաւեցին շարք մը հզօր ցնցումներ։ Մինչ Մայիս 28, 2018ին կը տօնէինք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ 100 տարի առաջ ապահովուած յաղթանակները, հայութիւնը նաեւ ոտքի ելած էր՝ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու պահանջով, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ 27ամեայ հանրապետութիւնը սխալ ընթացքի մէջ էր եւ կ՛անտեսուէին տարրական իրաւունքները եւ ընկերային արդարութիւնը։
Սակայն վերջին հինգ տարիներուն, ականատես դարձանք անկախութեան գաղափարն ու Հայաստանի գոյութիւնն իսկ վտանգի տակ դնող իրադարձութիւններու։ 2020ի 44օրեայ պատերազմը ուժգին հարուած մը հասցուց մեր հայրենիքին եւ յատկապէս Արցախին, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ պաշարուած մնալ։
Այս պայմաններուն մէջ, պարզապէս մտահոգիչ ըլլալէ աւելի են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստան պատրաստ է Արցախի նկատելու Ատրպէյճանի մէկ մասնիկը եւ այն պնդումները, թէ Արցախի 120,000 բնակչութիւնը պէտք է իր հարցերը լուծէ Պաքուի հետ բանակցելով։
Փաշինեանի յայտարարութիւնները ոչ միայն խորացուցին Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն միջեւ վիհը, այլ նաեւ հարուած մը հասցուցին հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին։ Մէկ նախադասութեամբ, վարչապետը ոտնակոխ ըրաւ Արցախի ազատութեան համար պայքարած տասնեակ հազարաւորներու զոհողութիւնը։
Ան ապա փորձեց արդարացնել իր դիրքորոշումը, պնդելով, թէ իրարու սահմանները ճանչնալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քայլով Հայաստան վերջապէս իր հողերուն «կալուածագիր»ը պիտի ունենայ, բան մը, որ, ըստ իրեն, Հայաստան չէր ունեցած վերջին 35 տարիներուն եւ հայութիւնը՝ վերջին հազարամեակներուն։ Այս պնդումը հարցականի տակ կը դնէ 1990ին յայտարարուած Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը եւ 1991ի անկախութիւնը, ինչ որ միջազգային համայնքին կողմէ հաստատուած իրողութիւն մըն է։
Իբրեւ մէկը, որ ինքզինք կը համարէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող քաղաքական գործիչ, վարչապետը մոռցած կը թուի ըլլայ ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը՝ ինքնորոշման իրաւունքը։
Արցախի ժողովուրդը, հետեւելով 1918ին անկախութիւն հռչակած հայութեան օրինակին, այդ իրաւունքը ի գործ դնելով 1991ին անկախութիւն հռչակեց, իսկ 1992ին Հայաստանի խորհրդարանը շեշտեց, թէ կարելի չէ Արցախը վերադարձնել Ատրպէյճանին։
Կասկած չկայ, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ գոյութենական տագնապ մը, որ նման է դար մը առաջ հայութեան դիմակայած տագնապին։ Յաւելեալ վնասներու դէմ դնելու լաւագոյն միջոցն է ի մի բերել Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի ամբողջական կարողականութիւնը, երաշխաւորելու համար Հայաստանի պետական կառոյցներուն, ներառեալ՝ բանակին, ապահովութիւնը։ Միայն այդ ճամբով կարելի է բարգաւաճում, յառաջդիմութիւն եւ դիմադրականութիւն երաշխաւորել։
Մայիս 28 1918ի յստակ դասերէն մէկն էր այն, որ իր արդար իրաւունքներուն համար պայքարելու հայութեան կամքը անսասան է։ Պէտք է յառաջ ընթանանք այն համոզումով, որ ունինք հայրենիք պահելու իրաւունքը եւ արժանի ենք անոր, առանց պահուըտելու այնպիսի համաձայնութիւններուն ետին, որոնք ամէն օր կ՛անտեսուին զայն ստորագրող միւս ենթականերուն կողմէ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, առաջնորդութեամբ Արամ Մանուկեանի, կրցաւ հայութիւնը մղել իր ինքնորոշման եւ անկախ պետութիւն ունենալու իրաւունքներուն համար պայքարին։
Այս հանգրուանին, իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է պայքարիլ իր այդ իրաւունքներուն համար, որպէսզի, ինչպէս Պարոյր Սեւակ ըսած է, սերունդները իրենք զիրենք ճանչնան Սարդարապատով։
(Լուսանկարը՝ Մեթիու Քարանեանին)