ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 20ին յանկարծամահ եղած է անուանի մտաւորական Խորէն Պալեան:
Ան ծնած է 1936ին: Մինչեւ 1965 եղած է եկեղեցական: 1969ին աւարտելով Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը՝ շարունակած է դասախօսել նոյն բաժանմունքին մէջ՝ իբրեւ գրաբարի մասնագէտ: Միաժամանակ, ղեկավարելով ԵՊՀի երգչախումբը՝ հանդէս եկած է Հայաստանի եւ արտերկիրի մէջ: Տասնհինգ տարի ղեկավարած է նաեւ ձայնասփիւռի «Արեւագալ» հաղորդաշարը:
Բացի համալսարանէն, դասաւանդած է նաեւ Էջմիածնի «Գէորգեան» հոգեւոր ճեմարանին մէջ: Խորէն Պալեան բազմաթիւ յօդուածներու եւ գրքոյկներու հեղինակ է, գրած է նաեւ շարականներ: