Friday, January 27, 2023
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
Jan. 18, 2023 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Լուրեր

Խորհրդաժողով «ՀՕՄը Ի Սպաս Հայութեան Եւ Հայրենիքին» Թեմայով

by Asbarez Staff
September 28, 2006
in Լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ օգնութեան միութեան աշխարհասփիւռ ընկերուհիներուն համար ամէն տարի առիթներ կը ստեղծուին մէկտեղուելու հայրենիքի մէջ եւ հարազատ հողի վրայ, ՀՕՄուհիներով շրջապատուած, ապրելու անմոռանալի պահեր:

Այս տարի նման առիթ մը ստեղծուեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորին հիմնադրութեան 15ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներով:

Արդարեւ, Հայաստանի ՀՕՄի հիմնադրութեան 15ամեակը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները անգամ մը եւս քով-քովի բերին տարբեր ցամաքամասերու եւ տարբեր երկինքներու տակ գործող ՀՕՄուհիները:

Հայաստանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 15ամեակի ձեռնարկներու կողքին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, որ կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի հայրենիք, գումարելով «ՀՕՄը ի սպաս հայութեան եւ հայրենիքին» թեմայով խորհրդաժողով մը, առիթը ստեղծեց ՀՕՄի անցեալին, ներկային ու ապագայի գործունէութեան մասին խորհրդածելու եւ մտածումներ փոխանակելու:

Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 22 Սեպտեմբերին «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկին մէջ: Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն եւ Հայաստանի տարբեր մասնաճիւղերէն մեծ թիւով ընկերուհիներ ներկայ եղան այս խորհրդաժողովին, որ անգամ մը եւս առիթը ստեղծեց անդրադառնալու ՀՕՄի ունեցած շուրջ մէկդարեայ դերակատարութեան, ներկային եւ վաղուան ակնկալիքներուն ու սպասումներուն:

Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Հայաստանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ալվարդ Պետրոսեան, որ վարեց խորհրդաժողովին առաջին բաժինը: Այս բաժնով խօսք առաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ Տէրտէրեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Պելլա Քոչարեանին, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ Հայաստանի ՀՕՄի 15ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այս խորհրդաժողովը: Ան ընդգծեց, յատկապէս, որ այս խորհրդաժողովը ՀՕՄուհիներու համար առիթ մը պիտի ըլլայ լսելու քննարկումներ համահայկական մեր մտահոգութիւններէն բխող հարցերու առնչութեամբ՝ ի մտի ունենալով անցեալի փորձառութիւնները, ներկայ իրականութենէն բխող պահանջները եւ ապագայ մեր ծրագրաւորումներու իրականացման կարելիութիւնները: Հաստատելով, որ իբրեւ ամբողջական հայութիւն «հեռու ենք տակաւին համազգային ամպհովանիի մը ընծայած համերաշխ միջավայրէն, այդ ամպհովանին կարելի է բարձրացնել, ըսաւ ընկ. Տէրտէրեան, հայրենի եւ սփիւռքաբնակ նուիրեալներու միացեալ ճիգերով, ուր մեծ դեր վերապահուած է հայ կնոջ, որուն ուժականութիւնը թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ ցարդ արժեւորուած եւ օգտագործուած չէ»:

Ապա, ընկհ. Ալվարդ Պետրոսեան հրաւիրեց Խորհրդարանի փոխնախագահ ընկ. Վահան Յովհաննիսեան ողջունելու այս խորհրդաժողովը: Ան յատկապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ ՀՕՄը Հայաստանի մէջ (ինչպէս եւ Սփիւռքի) առանց ակնկալիքի, առանց պահանջի գործեց իր ժողովուրդին համար: Ան կարողացաւ պահպանել բարեգործութեան իմաստը՝ տալով ճի՛շդ բարեգործութեան դասեր: Խօսք առաւ եւ ՀՕՄի հետ գործակցութեան ու աշխատանքի համադրումին անդրադարձաւ ՄԱԿի Մանկական հիմնադրամի, Երեխաներու իրաւունքներու, Յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու ծրագրի պատասխանատու Նայիրա Աւետիսեան:

ՀՕՄի գործունէութեան արժեւորումը կատարելով՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Ա. Ռուստամեան ընդգծեց, որ ՀՕՄը այսքան կենսունակ կը մնայ, որովհետեւ ան «կարողացած է ճիշդ համատեղել, ներդաշնակել համամարդկայինը եւ ազգայինը»: Նաեւ, ընդգծեց ան, ամէն ներկայի օրը բոլորանուէր ծառայութեամբ ապրելով՝ ՀՕՄը ինքզինք ազնուացուցած է: Այս բարեգործութիւնն է, որ մեզի շատ կարեւոր է այսօր, ըսաւ ան: ՀՕՄը կարողացած է ներկան ապրիլ այնպէս, որ զայն կամրջես երէկի եւ վաղուան հետ: Այլ խօսքով’ ՀՕՄը յաջողած է ճիշդ բանաձեւը գտնել անցեալի, ներկայի եւ ապագայի: Անդրադառնալով ներկային, ան ընդգծեց, որ ունինք մարտահրաւէրներ եւ ՀՕՄը կը հանդիսանայ ամէնէն գործունեայ կառոյցը, որ օրինակ կը ծառայէ մեր դէմ եղող մարտահրաւէրներու դիմագրաւման: Այդ մարտահրաւէրները հետեւեալներն են. նախ՝ պէտք է Հայաստանի ուրոյն տեղը ապահովել դէպի համաշխարհայնացում թաւալող աշխարհին մէջ, եւ երկրորդ՝ ան շեշտեց, թէ մենք «Միշտ յաջողած ենք յաղթող դուրս գալ միջազգային «ֆորումներէն», որովհետեւ ունինք Սփիւռքի «լոպպիինկը»: Բայց ան զգուշացուց ներկաները՝ յայտնելով, որ այս իրավիճակը կրնայ փոխուիլ, որովհետեւ մեր թշնամին չի քնանար, կը կազմակերպէ իր համայնքները հակահայկական գործունէութեան համար: Ուրեմն փորձենք գործել այլ եղանակով. համամարդկայինի եւ ազգայինի համատեղումով՝ պայքարինք մարդկութեան դէմ ցցուող դժուարութիւններու դէմ: Այս հրամայականը ամէնէն աւելի կրնայ իրագործել ՀՕՄը, շեշտեց ան:

Խորհրդաժողովի առաջին բաժինը շարունակուեցաւ ՀՕՄի Երեւանի գրասենեակի միջազգային կապերու պատասխանատու Աննա Մնացականեանի եւ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան Երեւանի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Վեհանուշ Մարգարեանի խօսքերով: Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան Հայաստանի ՀՕՄի տարած աշխատանքներուն մասին, անդրադառնալով այդ աշխատանքներու տարբեր երեսներուն, ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն եւ իրագործուելիք ծրագիրներուն:

Վերջին խօսողը եղաւ տոքթ. Սեւակ Աւագեան, որ պատասխանատուն է ՀՕՄի առողջապահական ծրագիրներուն: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ առողջապահական մարզէն ներս ՀՕՄի տարած աշխատանքներուն՝ յատկապէս ծանրանալով Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» ծրագիրին վրայ: Այս իրագործումին մասին ցուցադրուեցաւ տեսաժապաւէն մը, ուր ներկաները առիթը ունեցան տեսնելու այդ հաստատութեան ճամբով կատարուող իրագործումները եւ զգալու այն իրապէս կենսական գործը, որ կը տարուի այդ շրջանին համար:

Խորհրդաժողովի երկրորդ բաժինով, երեք յաջորդական սերունդներու ներկայացուցիչ ՀՕՄուհիներու կողմէ ներկայացուեցան ՀՕՄի անցեալի, ներկայի ու ապագայի մասին հաստատումներ, տեսակէտներ, քննարկումներ, որոնց մասին ներկաներու կողմէ փոխանցուեցան տարբեր միտքեր:

Այս բաժնին ներածականը ըրաւ ընկ. Մայտա Մելքոնեան: Իսկ կլոր սեղանի զրոյցը վարեց ընկ. Թամար Տէր–Պետրոսեան: «ՀՕՄը՝ երէկ» նիւթը ներկայացուց ընկ. Վանուհի Իսաճանեան, որ անդրադարձաւ ՀՕՄի գործունէութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն եւ հանգրուաններուն: Հակիրճ պատմական ակնարկ մը ընելով, ընկերուհի Իսաճանեան անդրադարձաւ ՀՕՄի ծննդոցին, անոր ստեղծումին տուն տուող պատճառներուն, այդ շրջանի քաղաքական կացութեան: Ան անդրադարձաւ 1920ական թուականներէն կատարուած իրագործումներու՝ հայրենիքէն ներս: Յիշեց 1920ին Հայաստանի մէջ հիւանդանոցի կառուցումը, 1924ին տարագիրներու Հայաստան փոխադրութեան ծախսի ստանձնումը, 1926ին Երեւանի ջրհեղեղին պատճառած վնասներու համար եղած օժանդակութիւնը: Ան յայտնեց, թէ 1943ին եւ 1945ին դժուարին ու գաղտնի միջոցներով կատարուած են օժանդակութիւններ, որոնց արձանագրութիւնները կան Ազգային արխիւներու կամ Հայաստանի Կարմիր խաչի ֆոնտին մօտ եւայլն: Ան անդրադարձաւ նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ ՀՕՄի միաւորներու կազմութեան, Սփիւռքի տարածքին դպրոցներու, սննդակայաններու, ամառնային ճամբարներու, Կազդուրման կայաններու, Հայկական ձեռարուեստի կեդրոններու, ուսանողական ֆոնտերու, ընկերային ծառայութեան կեդրոններու ստեղծումին: Շեշտեց, որ ՀՕՄի միաւորները սատարած են, որպէսզի հայուհին պահէ իր լեզուն, աւանդութիւնները, մշակոյթը: Ընկերուհի Իսաճանեան թուեց նաեւ այն բոլոր ծրագիրները, որոնք իրականացուած են հայրենիքի մէջ: Եզրակացնելով իր խօսքը, ան ընդգծեց, թէ երէկուայ եւ այսօրուայ կենսափորձին վերլուծումէն եւ արժեւորումէն ետք է միայն, որ մենք կրնանք փնտռել ու գտնել ապագան, որ պիտի ապահովէ մեր կառոյցի կենսունակութիւնը նոր իրողութիւններու դէմ յանդիման:

ՀՕՄի անցեալին մասին կատարուած հաստատումներէն եւ գործունէութեան մասին կատարուած ընդհանուր արժեւորումէն ետք, «ՀՕՄը՝ այսօր» նիւթը ներկայացուց ընկհ. Նանօր Հրեշտակեան: ՀՕՄի գործունէութեան դաշտը բաժնելով երկու բնագաւառի՝ մէկ կողմէ իբրեւ համահայկական բարեսիրական ու հասարակական միութիւն եւ, միւս կողմէ, իբրեւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, ան անդրադարձաւ այս գործունէութեան տարբեր երեսներուն: Իբրեւ համահայկական բարեսիրական կազմակերպութիւն ան թուեց կրթական, պատանեկան, խնամատարական եւ առողջապահական մարզերը: Ընկհ. Հրեշտակեան ընդգծեց այն միտքը, թէ ՀՕՄը այսօր կարիքը ունի գիտական հիմունքով ուսումնասիրութիւններու իրականացումին՝ ընկերային կեանքը յուզող երեւոյթներու մասին, ախտաճանաչումը ընելու եւ անոնց պատճառներու վերացման եւ լուծման գործնական միջոցներ գտնելու: Այս աշխատանքին համար պէտքը ունի մասնագիտացած եւ արհեստավարժ անձերու եւ նիւթական ներդրումի: Այս հարցերը ներկայիս միութեան դիմագրաւած կարեւոր մարտահրաւէրներէն են, որոնց համար ան առաջարկեց փնտռել այն մարզերը, ուր միութիւնը կարիքը ունի մասնագիտացած անձերու, լաւ ճանչնալ անդամուհիները՝ օգտուելու համար անոնց կարողութիւններէն եւ մասնագիտութենէն, կրթական նպաստներու ընտրութեան պահուն ընտրել միութեան անհրաժեշտ մասնագիտութիւն ընող ուսանողները: Նաեւ՝ անկախ ՀՕՄի հիմնադրամի համար կատարուած դրամահաւաքէն, պէտք է զարկ տալ այն ձեռնարկներուն, որոնք ապագային նիւթապէս անկախանալու եւ ինքնաբաւ դառնալու հնարաւորութիւնը կը ստեղծեն:

Անդրադառնալով ՀՕՄի գործունէութեան իբրեւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւն՝ ան թուեց այն մարզերը, ուր ՀՕՄը կը փորձէ Հայաստանի կարիքներուն հասնիլ. այդ մարզերն են աղքատութեան վերացումը, կրթութիւնը, կանանց հարցերը, երեխաներու մահացութեան նուազումը, մայրերու առողջութեան բարելաւումը, AIDSի եւ այլ հիւանդութեանց կանխարգիլումը եւայլն: Եզրակացնելով իր խօսքը՝ ան մաղթեց, որ ՀՕՄի շարքերուն մէջ կազմաւորուած ընկերուհին թող շարունակէ մնալ հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները պահպանող ու ներկայ դարուս պահանջին յարմարող եւ իրեն վստահուած դերին գիտակցող զարգացած հայ կինը:

ՀՕՄի անցեալի եւ ներկայի մասին անդրադարձող բաժիններէն ետք, ՀՕՄի ապագային եւ վաղուան գործունէութեան անդրադարձան երկու երիտասարդ ընկերուհիներ՝ Լիլիթ Յովհաննիսեան (Հայաստան) եւ Նայիրի Տէրտէրեան (Միացեալ Նահանգներ):

ՀՕՄի Հայաստանեան գործունէութեան անդրադարձաւ Լ. Յովհաննէսեան, շեշտելով, թէ Հայասանի մէջ ՀՕՄը իր առաջին քայլերը առաւ օրախնդիր հարցեր լուծելով եւ փուլ առ փուլ իր գործունէութիւնը ծաւալեց: ՀՕՄի ապագայի մասին խօսելով, ան թուեց այն ծրագրերը, որոնք իրականացան ՀՕՄի կողմէ Հայաստանի մէջ: Ան ընդգծեց, յատկապէս, թէ ՀՕՄը պէտք է կարենայ ընտրել ու պահպանել բոլոր այն արժէքները, որոնք կ’առնչուին մեր ազգային ինքնութեան պահպանման: Այն հարցերը, որոնք միջազգային հանրութեան կը հետաքրքրեն, նաեւ մեզի համար կարեւոր են, բայց միշտ զանոնք պատշաճեցնելով մեր ազգային առանձնայատկութիւններուն: Ընդգծելով՝ թէ ՀՕՄը մեր երկրի տարբեր ոլորտներէն ներս յատուկ դեր ունեցած կազմակերպութիւն է, ան ընդգծեց թէ կան լուրջ հարցեր՝ «թրաֆիքինկ», երեխաներու հանդէպ բռնութիւն եւայլն. առանց այս խնդիրներու մասին մտածելու մենք չենք կրնար ապագայի մասին խօսիլ: Եւ վերջապէս ՀՕՄի ապագան կարելի է ապահովել բարձր կրթութեամբ, պետութեան քաղաքացի ըլլալու խոր գիտակցութեամբ:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Նայիրի Տէրտէրեան: Երիտասարդ ՀՕՄուհիի իր դիտանկիւնէն, ան ըրաւ մատնանշումներ, բերաւ նոր միտքեր, որոնց իրագործումը, իր տեսանկիւնէն, անհրաժեշտ է ՀՕՄի վաղուան, ապագային համար: Ան ընդգծեց երիտասարդներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, հանրային յարաբերութիւններու աշխուժացումը, կազմակերպական գետնի վրայ ծրագիր–կանոնագրերու միատեսակ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Ղեկավարութեան մակարդակի վրայ եւս ան առաջարկեց նոր միտքեր:

Արտայայտուած կարծիքներու մասին ներկաները փոխանցեցին իրենց մտածումները, ստեղծելով միտքերու փոխանակման հետաքրքրական մթնոլորտ մը: Ընկ. Թամար Տէր

Պետրոսեան, Կեդր. վարչութեան կողմէ, վարեց զրոյցը եւ համադրեց արտայայտուած կարծիքները:

ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս խորհրդաժողովը առիթ ստեղծեց մտածելու անցեալի, ներկայի կամ գալիք աշխատանքներու մասին: Անիկա ներկաներուն համար հանդիսացաւ յատկանշական օր մը, ուր ՀՕՄուհիներ միասնաբար մտածեցին, թէ ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ՚երթանք իբրեւ միութիւն, իբրեւ հազարաւոր անդամուհիներ հաշուող կազմակերպութիւն:

Asbarez Staff

Asbarez Staff

Next Post

«Տեղեկատուութեան Ազատութիւն-2006» Ամէնամեայ 4րդ Մրցանակաբաշխութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

Պուլկար–Հայկական Մշակութային Տեղեկատուական Կեդրոնի Բացում Եւ Բժիշկ Կարապետ Կապրելեանի Անունով Փողոցի Անուանում

Պուլկար–Հայկական Մշակութային Տեղեկատուական Կեդրոնի Բացում Եւ Բժիշկ Կարապետ Կապրելեանի Անունով Փողոցի Անուանում

9 seconds ago
Մարոնիներու Ռաաի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Մարոնիներու Ռաաի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

2 mins ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • January 27, 2023

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to