ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Յուլիս 16ին զինեալ յարձակումի մը ընթացքին սպաննուեցաւ Պոլիսէն երեսփոխանական անկախ թեկնածու Թունճայ Շէյրանլըօղլուն:
42 ամեայ Շէյրանլըօղլու ծանրօրէն վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, ուր մահացաւ: Անոր ընկերացող հինգ ուրիշներ վիրաւորուեցան ու կը դարմանուին հիւանդանոցի մէջ։
Յուլիս 22ին կայանալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութեանց սեմին այլ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ Արտահանի մէջ, ուր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն թեկնածու մը զինեալ յարձակումի թիրախ դարձաւ: Երեք հոգի վիրաւորուեցան, իսկ չորս հոգի ձերբակալուեցան: Կը կարծուի, որ ձերբակալեալները համակիրներ են ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան: