ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւններու թուական կրնայ ճշդուիլ Մայիս 1-14 օրերէն մէկը, այս մասին յայտնեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Գարեգին Ազարեան եւ նշեց, որ յստակ օրը պիտի հրապարակուի քուէարկութիւնէն առնուազն 100 օր առաջ՝ նախագահի հրամանագիրով:
ԿԸՅ նախագահը, անդրադառնալով ընտրական օրէնքի փոփոխութիւններուն, նշեց, որ ան հնարաւորութիւն պիտի տայ ապահովելու ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:
ԿԸՅ նախագահը յայտնեց նաեւ, որ 2007ի համապետական նշանակութեան ընտրութիւններու ժամանակ, ընտրատարածքային յանձնաժողովներէն քուէարկութիւններու արդիւնքները անմիջապէս հնարաւոր պիտի ըլլայ արձանագրել համակարգիչի մէջ: Միաժամանակ, ԿԸՅի կեդրոնատեղիին մէջ տեղադրուած համակարգչային ցուցավահանակներու միջոցով պիտի ցուցադրուին ընտրութիւններու տուեալները: Երեւանէն դուրս գտնուող 23 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովները արդէն ունին համակարգչային ցանց. յառաջիկային հինգ յանձնաժողովներուն մէջ եւս պիտի աւարտին ցանցին միանալու աշխատանքները:
Բացի այդ, ան յայտնեց, որ ընտրական յանձնախումբերուն մէջ քուէարկութիւններու ամփոփումը անարգել կրնան նկարահանել լրագրողները, յանձնաժողովի անդամները եւ դէտերը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 2007ին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան 120 համայնքներու մէջ, որոնցմէ 92ի մէջ նաեւ՝ համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններ: