ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Հէրի Ռիտ Երեքշաբթի, Յուլիս 17ին յայտարարեց, թէ հակառակ հանրապետականներուն ընդդիմութեան, ինք պիտի շարունակէ օրակարգի վրայ պահել Իրաք հաստատուած ամերիկեան ուժերուն հեռացման յստակ թուական մը որոշելու հարցը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ հանրապետական շարք մը ծերակուտականներ դեմոկրատներուն կողմը անցած են այս հարցով, ցարդ կարելի չէ եղած բանաձեւը քուէարկութեան դնելու համար հարկաւոր քուէները (60) ապահովել:
Բանաձեւը կը պահանջէ ուժերուն նահանջը սկսիլ 12 օրէն եւ զայն ամբողջացնել յառաջիկայ տարուան Ապրիլ 30ին:
Ներկայացուցիչներու տունը անցեալ շաբաթ ի նպաստ քուէարկեց նման բանաձեւի մը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի այն սպառնալիքներուն, թէ վէթոյի պիտի ենթարկէ որեւէ բանաձեւ, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացման թուական մը կը ճշդէ: Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը, առանձնաբար բանաձեւեր որդեգրելէ ետք, պէտք է երկու տարբերակները համադրեն, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն նախագահին փոխանցել:
Այս տարուան ընթացքին երրորդ անգամն է, որ Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկած է ի նպաստ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացման: Նախապէս առաջին փորձ մը նախագահ Պուշի կողմէ վէթոյի ենթարկուեցաւ, իսկ երկրորդը ձախողեցաւ, երբ Ծերակոյտը երկու անգամ դէմ քուէարկեց ժամանակացոյց մը ճշդելու քայլին:
Ռիտ յայտնեց. «Ժամանակը հասած է, որ նախագահը մտիկ ընէ ամերիկացի ժողովուրդին եւ երկիրը պաշտպանելու համար պէտք եղածը ընէ: Ասիկա կը նշանակէ խոստովանիլ, թէ Իրաքի քաղաքականութիւնը ձախողած է: Քոնկրէսին մէջ դեմոկրատներու եւ հանրապետականներու հետ պէտք է աշխատիլ Իրաքի մէջ յառաջդիմելու նոր ճամբայ մը գծելու եւ մեր միացեալ ջանքերը պէտք է կեդրոնացնել «Քայիտա»ն պարտութեան մատնելու համար»: