ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի օր, Ծերակոյտի Արդարադատութեան յանձնաժողովի ունկնդրութեան հրաւիրուելով եւ խօսք առնելով, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղեց ամերիկեան վարչակազմին, որպէսզի դադրեցնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մէջ իր մեղսակցութիւնը եւ յստակ քայլեր առնէ կասեցնելու համար ցեղասպանութեանց շղթան:
ԱՀԴՅի գրաւոր վկայութիւնը յանձնաժողովի Մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի ենթայանձնախումբին փոխանցուեցաւ՝ «Ցեղասպանութիւնը եւ օրէնքի գերիշխանութիւնը» նիւթով ունկնդրութեան նիստին, որու ընթացքին խօսք առին նաեւ պետական եւ հանրային գործիչներ:
ԱՀԴՅի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան, ներկայացնելով նիւթը, դիտել տուաւ, թէ այսօր մենք ականատես ենք Տարֆուրի ցեղասպանութեան, որ խորքին մէջ արդիւնք է անցնող դարուն ցեղասպանութիւնները կանխելու եւ պատժելու առումով միջազգային համայնքի ճիգերուն ձախողութեան, որ իր կարգին անպատժելիութեան մթնոլորտ ստեղծած է:
Համբարեան թուեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան ամերիկեան մեղսակցութեան հիմնական հանգրուանները, որու վերջին օրինակը դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկումն էր (անոր մեղքը 1915ի զանգուածային ջարդերը ցեղասպանութիւն կոչելն էր), ինչպէս նաեւ Հոկլընտի պարագան, որ բացայայտօրէն կ’ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ցեղասպանութեան նիւթով վկայութիւններ փոխանցեցին նաեւ Save Darfour կազմակերպութիւնը, Արմինեըն Էսէմպլին եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նուիրուած կազմակերպութիւններ:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վկայութիւնը լրիւ կարդալու համար այցելեցէք «Ասպարէզ» այսօրուան կայքէջը՝ www.asbarez.com հասցէով: