ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան տապան».- Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակէն «Երազանք յանուն Տարֆուրի» քայլարշաւի մասնակիցները երէկ, Սեպտեմբեր 25ին բոցավառեցին խորհրդանշական ողիմպիական ջահը. «Վառելով այս կրակը, մեր յարգանքի տուրքն ենք մատուցում բոլոր նրանց յիշատակին, ովքեր զոհուել են կամ տուժում են, այս կրակը խորհրդանշում է բռնութեանը վերջ տալու եւ անվտանգ տուն վերադառնալու բոլորիս տածած յոյսը» խօսքերով, ներկաները ջահը փոխանցեցին մէկը միւսին:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռոուըն Ուիլեըմզ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն համար աղօթք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին. «Մենք պէտք է սովորենք՝ ինչպէս խօսել անցեալի ճշմարտութեան մասին, ինչպէս կանգնել նրանց կողքին, ովքեր ամէնից շատ են տուժել եւ ինչպէս միասին կառուցել այն աշխարհը, որտեղ նման սասափելի դէպքերն անհնարին են», ըսաւ արքեպիսկոպոս Ռ. Ուիլեըմզ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրելով՝ նշեց, որ «պէտք է մարդկային կեանքում դատապարտել նման ողբերգութեան դրսեւորումները եւ կարողանալ մարդկութեան համար ապահովել խաղաղ եւ անվտանգ դարերի կեանք: Մեր քոյր եկեղեցիների առաջնորդների հետ միահամուռ դատապարտում ենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհում իրականացուող բոլոր նմանատիպ գործողութիւնները»:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկելէ յետոյ, ձեռնարկի մասնակիցները, որոնց մէջ կային Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներ եւ անոնց ժառանգները, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները վերապրողներ, «Երազանք յանուն Տարֆուրի» կազմակերպութեան պատասխանատուներ, Հայաստանի հրէական համայնքի առաջնորդներ, քաղաքական եւ մշակոյթի գործիչներ, շարժեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ՝ ջահէն մոմեր վառելու արարողութեան համար:
Նշենք, որ ջահերով քայլարշաւը սկսած է Օգոստոս 8ին, Արեւելեան Չատէն: Նախաձեռնութեան հեղինակը աշխարհահռչակ դերասանուհի, «Եունիսէֆ»ի բարի կամքի դեսպան Միա Ֆարոն է եւ «Փրկենք Տարֆուրը» կազմակերպութիւնը: Արշաւի նպատակն է համայն աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռել ցեղասպանութիւններու հարցին, յատկապէս՝ Տարֆուրի մէջ տիրող իրավիճակին: Կազմակերպուող քայլարշաւը պիտի անցնի բոլոր այն երկիրներէն, որոնք անցեալին տուժած են ցեղասպանութենէ: