Ծնողներ յաճախ կը զարմանան առաջին եւ երկրորդ երեխաներու կամ երրորդ երեխային միջեւ գոյութիւն ունեցող հսկայական տարբերութիւններուն պատճառով: Յաճախ կ’ըսեն. «Նոյն հօր եւ մօր երեխաները այս աստիճան իրարմէ կրնա՞ն տարբերիլ»: Այս փաստը, բացի ծնողներէն, նաեւ հոգեբանները կը հաստատեն: Անոնք ունին լուրջ եւ սերտուած պատճառներ եւ հաստատումներ ու նմանութիւններ: Հակառակ այն փաստին, թէ անոնք նոյն ծիները կը կրեն եւ նոյն մարդոց դաստիարակութեամբ մեծցած են, հսկայական փոփոխութիւնները ակնյայտ են: Այս մարզէն ներս մասնագէտ հոգեբան մը 1967էն ի վեր ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ առ այդ կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ հարազատ եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ նկարագրային տարբերութիւնները արդիւնք են անոնց ծնունդի շարքին: Եթէ առաջին զաւակն ես, ուրիշ նկարագիր ունիս, եթէ երկրորդն ես՝ տարբեր, իսկ եթէ միակ զաւակն ես, շատ աւելի տարբեր անձ մըն ես:
Հոգեբանը հաստատած է հետեւեալ բանաձեւը, որուն կրնանք համաձայնիլ բոլորս ալ, երբ մենք մեզ կամ մեր զաւակները դիտենք.- ծնունդի կարգ + դաստիարակութիւն = նկարագիր:
Նկատի առնենք իւրաքանչիւր զոյգի առաջին զաւակը եւ կը տեսնենք, թէ անիկա ձեւով մը փորձառութիւններ ձեռք բերելու միջոց եղած է: Ինչքան ալ կարդացած կամ լսած ու տեսած ըլլար ծնողքը, այդ բոլորը տեսականօրէն ապրած էր: Առաջին գործնական աշխատանքը առաջին զաւակն է ու անշուշտ անոր նկատմամբ տածած սէրը, գուրգուրանքը, խնամքը ու անոր կողքին՝ անվստահութիւնը: Անիկա արդարօրէն կարելի է ըսել բնազդական, փորձառական եւ սխալական արարքներու խառնուրդ մըն է, որուն համար երբեք կարելի չէ դատապարտել ծնողքը: Ամէն ինչ ճիշդ ընելու ծնողքի փորձը ու ամէն գնով առաջին երեխային ամբողջական նուիրում տալով, զաւակին մօտ կը սնուցանուի կատարելապաշտ ըլլալու բնաւորութիւնը, սխալներէն զերծ մնալու զօրաւոր փափաքը ու հսկայ աշխատանքը եւ ամէն գնով ծնողքը գոհ պահելու փափաքը ու նուիրումը այդ մէկը իրագործելու աշխատանքին:
Այս պատկերին շրջուած կողմը կարելի է նկատել երկրորդ երեխան տան մէջ, որ նուազ ուշադրութեան առարկայ դարձած է, որովհետեւ տան մէջ մրցակից մը ունէր: Կայ նաեւ ան փաստը, թէ ան աւելի փորձառու ծնողներու դաստիարակութիւն ստացած է եւ ամբողջութեամբ ու առանձին չէ ստացած ծնողներուն ուշադրութիւնը: Այս իրողութիւն զինք կը դարձնէ աւելի նուազ կատարելապաշտ, սակայն առաւել եւս շրջապատը հաճոյացնել ու գոհացնել ջանացող անձնաւորութիւն, իր եղբայրներու կամ քոյրերու հետ համեմատած:
Այս ըսելով մասնագէտները կ’ուզեն հաստատել այն իրողութիւնը, թէ երեխան մօր արգանդէն դուրս եկած պահուն առաջնորդի նկարագրի չունէր, կամ անիկա շատ փոքր գիծեր կը կրէր իր մէջ, սակայն որպէս առջինեկ անոր ստացած դաստիարակութիւնը առաջնորդեց զինք առաջնորդ մը դառնալու:
Առջինեկը:
Զաւակներուն առաջինը ըլլալով, անոնք սովորաբար կը հակին ըլլալ.-
վստահելի
ուղղութիւն ստացած
ուշադիր
իշխող
նուաճող
արթուն:
Այս պատճառով նաեւ երբեմն կը նկատուի, թէ անոնք իրենց ծնողները կը կապկեն ու մեծի նման կը վարուին: Անոնք նաեւ կ’ուզեն ամէն ինչ կատարեալ ընել ու կը փափաքին մեծերուն սիրտը եւ ուշադրութիւնը գրաւել: Այս իմաստով երբեմն օտարներու կամ հիւրերու ներկայութեան անոնք որոշ սխալներ կ’ընեն, որ երբեք չէին ըրած, պարզապէս ուշադրութիւն գրաւելու համար:
Միջինները:
Միջին զաւակները կը մտածեն յաճախ, թէ՝ «Ես առջինեկը չեմ, որ ամէն ինչին լաւին ու շատին արժանանայի եւ ոչ ալ տան վերջին շատ եւ երկար սիրուող զաւակը, ուրեմն ի՞նչ է իմ դիրքս»: Մասնագէտները կը հաստատեն, թէ այս հարցադրումը անոնց մէջ զիրենք մղած է իրենց ընկերներուն մօտ աւելի ամուր դիրք ունենալու պարզապէս ինքզինք փաստած զգալու համար:
Սովորաբար միջին երեխաները հետեւեալ խառնուածքի գիծերը կ’ունենան.-
մարդիկը գոհացնող
որոշ չափով ըմբոստացող
ընկերութիւն ստեղծելու համար աշխատող
ընկերային մեծ շրջանակ
խաղաղարար:
Վերջին երեխան:
Տան վերջին երեխան սովորաբար ամէնէն ազատ հոգին ունեցողը կ’ըլլայ եւ նաեւ անկախ դաստիարակութեան ենթարկուած կ’ըլլայ: Արդարօրէն կարելի է ըսել, թէ ծնողքը այլեւս յոգնած իր ծնողական դաստիարակութիւնները կիրառելէն, շատ աւելի «հանգիս» կը ձգէ իր վերջին երեխան, միաժամանակ անվախ կը դաստիարակէ զայն: Բնականաբար մեծերուն ազդեցութիւնը ու ներդրումն ալ տոկոսային իմաստով բարեբեր ու երեբեմն խանգարիչ ներկայութիւն կ’ըլլայ:
Անոնք ընդհանրապէս կ’ըլլան.-
ուրախութիւն եւ հաճոյք սիրողներ
նկարագրային հանգոյցներէ զուրկ
շահագործող
շատ դիւրին ընկերացող
ուշադրութիւն պահանջող
եսակեդրոն:
Միակ զաւակները:
Այս պարագան բաւական իւրայատուկ է: Նման երեխաները կրնան առջինեկի առաւելութիւնները վայելել ոչ թէ կարճ ժամանակ մը, այլ ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ երբեմն կը շահագործեն իրենց ծնողներուն սէրն ու կեդրոնացումը:
Անոնք սովորաբար կ’ըլլան.-
տարիքէն աւելի հասուն
կատարելապաշտ
փայլուն
առաջնորդ
ուշադիր:
Հիմա դուն քեզ դիտէ, թէ ո՞ւր ես դուն եւ քու զաւակներդ ո՞ւր են: